ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը վերջին քանի մը շաբաթներուն խոշորացոյցի տակ կը դնէ քրտական հարցի լուծման առնչութեամբ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի խօսքերը, որոնք ուշադրութիւն գրաւեցին այն օրէն, երբ նախագահը ըսաւ, թէ՝ «Պատմական առիթ ստեղծուած է քրտական հարցին լուծման համար»։ Թէեւ ոչ մէկը յստակ կերպով կրցաւ հասկնալ, թէ նախագահը ի՛նչ ըսել ուզած էր, կամ պատմական ինչպիսի՛ առիթի մը մասին կը խօսէր, անոր այս նախադասութիւնը այն տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ կարգ մը ընդյատակեայ աշխատանքներ առաջ կը տարուէին:
Նախագահը, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ անցեալ շաբաթ յայտնեց. «Ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ որեւէ սակարկութիւն չի կատարուիր։ Բայց քրտական հարցի լուծման համար ամէն մարդ իր նպաստը պէտք է բերէ։ Խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները այս նիւթին պէտք է զօրակցին»:
Երբ հարցուեցաւ, թէ ի՞նչ կը նշանակէր ըսել՝ «պատմական առիթ ստեղծուած է», նախագահ Կիւլ պատասխանեց. «Տակաւին մէջտեղ ելած բան մը չկայ։ Այս նիւթը Թուրքիոյ խնդիրն է ուրեմն մենք ենք, որ պիտի զբաղինք այս խնդիրով։ Այս խնդիրը Թուրքիոյ ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկը չէ՞։
Ինչ անուն կ՛ուզէք տուէք, կ՛ուզէք ահաբեկչական հարց ըսէք, կ՛ուզէք հարաւարեւելեան հարց ըսէք, կ՛ուզէք քրտական հարց ըսէք, ասիկա Թուրքիոյ ամէնէն կարեւոր խնդիրներէն մէկն է։ Ուրեմն մենք պէտք է լուծենք այս հարցը։ Եւ ասիկա պիտի լուծենք Թուրքիոյ ժողովրդավարական չափանիշները բարձրացնելով։ Որքան, որ կը տեսնեմ, արդէն ամէն մարդ գործի լծուած է։ Կարեւորը ի՞նչն է։ Կարեւորը սա է. Այս խնդիրը պէտք է լուծել այնպիսի ձեւով մը, որ ամէն մարդու այս երկրի հայրենակցութիւնը ու պատկանելիութիւնը աւելի բարձրանայ։ Ասոր ալ միջոցը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ընդունիլ, որ իրարմէ մեր տարբերութիւնները այս երկրին հարստութիւնը կը կազմեն։ Ասոնք բռնի ուժով ու սաստկութեամբ չեն լուծուիր։ Անշուշտ քաղաքական միւս կուսակցութիւնները եւս պարտականութիւններ ունին, բայց ամէնէն առաջ՝ իշխանութեան գլուխը գտնուող կուսակցութեան վիճակուած է այս պարտականութիւնը»։
Նախագահ Կիւլ աւելցուց, որ երբ կը խօսի բոլոր կուսակցութիւններուն մասին, կ՛ակնարկէ նաեւ քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան։