ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Իրանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու միջոցներ որոնող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման իրանցի դիւանագէտներուն եւս հրաւիրած է մասնակցելու Յուլիս 4ի Անկախութեան օրուան տօնակատարութիւններուն:
Օպամա Երեքշաբթի, Յունիս 2ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ յայտարարեց, թէ Իրան իրաւունք ունի հիւլէական ճարտարագիտութեամբ ուժանիւթ արտադրելու, սակայն միջազգային համայնքին պէտք է յստակօրէն համոզէ, թէ հիւլէական ռումբեր արտադրելու նպատակ չի հետապնդեր: