Նկատի ունենալով, որ Արեւելեան Լոս Անճելըս շրջանին մէջ հայութեան թիւը նօսրացած է, Ս. Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ Ծխական անդամական ժողովը որոշեց եկեղեցին փոխադրել Նորթ Հոլիվուտ: Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Թեմական խորհուրդը վաւերացուցին տրուած որոշումը:
Ծուխի հոգեւոր հովիւը՝ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան, օգնական ունենալով առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեանը՝ մեծ ջանք կը թափէ Նորթ Հոլիվուտի մէջ յարմար կալուած մը գնելու:
Առ ի գիտութիւն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կալուածը գնուած էր 1960 թուականին եւ անցնող տարիներու ընթացքին քանի մը անգամ բարենորոգութիւններ կատարուած էին հոն: Եկեղեցւոյ վերջին Ս. պատարագը մատուցուեցաւ Հոգեգալստեան տօնին օրը՝ Կիրակի, Մայիս 31ին. պատարագեց Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան: Պատարագի արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան՝ ներկայացնելով առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ, իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանը: