Համագործակցութեամբ ՀԲԸՄ Կլէնտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի Մշակութային յանձնախումբին ու տոքթ. Միսաք Էքմէքճեանին, Փասատինայի ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ, Մայիս 29-31 ներկայացուեցաւ «Քովատիս՝ Աւօ Մակարեանի սեւ եւ սպիտակ լուսանկարներու ցուցահանդէսը»:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը ներկայացնելով, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանը՝ ներկայ գտնուեցաւ ցուցահանդէսին ու սրբազան հօր օրհնութիւններն ու ողջոյնները անձամբ փոխանցեց Աւօ Մակարեանին, նաեւ կարդաց սրբազան հօր շնորհաւորական պատգամը: