ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին՝ հաւատացեալներու խումբը, անխառն պիտի չմնար յաջորդող դարերուն, եւ այդ Աստուածատունկ հաստաբուն «կաղնի»ին վրայ շուտով պիտի աճէին նոր տեսութիւններ: Կարծիքներ, որոնք երբեմն կը տրուէին երկար տարիներ իր քրիստոնէական փորձառութիւնը ապրած հաւատացեալներու կողմէ, որոնք մոլորելով իրենց հաւատքին մէջ՝ Ընդհանուր եկեղեցւոյ դաւանած սկզբունքներէն տարբեր սկզբունքներ եւ եկեղեցւոյ ուսուցած վարդապետութենէն տարբեր վարդապետութիւններ կը տարածէին հաւատացելոց կեանքին մէջ:
Առ այդ, եկեղեցին, երբեմն մեղմ եւ երբեմն խիստ միջոցներու դիմեց՝ կասեցնելու համար այդ զարտուղի հոսանքները, բաղաձայն աղաղակները, որոնք միայն շփոթ ու կասկած կ՛առաջացնէին Քրիստոսի բանաւոր հօտին մէջ:
Այդպէս է, որ Հաւատաքննութեան ատեանը, հերետիկոսները պատժելու համար եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուեցաւ 1184 թուականին: Կրօնական այս աններող ժողովի օրինակներուն կը հանդիպինք նաեւ 13րդ դարուն Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, որոնք գործած են դարձեալ նոյն նպատակով: Եղան ժամանակներ, երբ քաղաքական իշխանութեան միջամտութեամբ, եկեղեցին դադրեցուց կամ մեղմացուց հաւատաքննութիւնը:
Այսպէս, Նափոլէոն Պոնափարթ 1808 թուականին ամբողջութեամբ դադրեցուց հաւատաքննութիւնը: Սակայն, մոլեռանդ կրօնականներ վերստին հաստատեցին զայն 1814 թուականին: Իսկ 1820ին հաւատաքննութիւնը վերջնականապէս ջնջուեցաւ երկրի երեսէն: Այսօր կան միայն եկեղեցական ժողովներ, որոնք ժողովրդավարութեան սկզբունքով, կ՛ընդունին կամ կը մերժեն տուեալ տեսակէտ մը՝ եկեղեցին պահելով ամուր, եւ անոր միջնաբերդը՝ հաւատքը, անմերձենալի հերետիկոսներու վոհմակներուն:
Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ճոխ է հաւատաքննութեան դէպքերով, որոնք դարեր ետք երբ կ՛ընթերցուին, երբեմն զարմանք եւ երբեմն զայրոյթ կը պատճառեն, սակայն եւ այնպէս, ամէնքն ալ իրենց ժամանակին ու վայրին մէջ պէտք է ընդունիլ՝ նկատի ունենալով այդ օրերու մարդու զարգացման մակարդակը, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութեան աստիճանը:
1633 թուականը, գիտական աշխարհին համար այլապէս անկիւնադարձային թուական մը ըլլալու կոչուած էր իր ժամանակին, եւ իսկապէս ալ է՛ այսօր, երբ Գալիլի գիտնականը գրեց գիրք մը, որուն մէջ կ՛ըսէր, թէ աշխարհը արեւուն շուրջ կը դառնայ:
Սակայն, նոյն՝ 1633 թուականին Գալիլի հաւատաքննութեան ենթարկուեցաւ կրօնական ատեանին կողմէ: Աւելին կրնար պատահիլ, եթէ խարոյկի դատապարտուէր: Որոշում մը, որ ամբողջութեամբ իրաւասութիւնն էր Հաւատաքննական ատեանին, եւ որ ամէնէն տխուր պայմաններու մէջ տեղի կ՛ունենար: Քաղաքի հրապարակներէն մէկուն կեդրոնը, իր հեղինակած գիրքի դէզին վրայ կը կապուէր զայն գրողը, եւ յաւելեալ փայտերու ու դիւրավառ ցախերու հետ կրակի կը տրուէր, իբրեւ ցաւատանջ ու վերջակիտային պատիժ իր արտայայտած արտասովոր գաղափարներուն:
Հակառակ եօթանասուն տարեկան ծերունի մը ըլլալուն, Գալիլի ստիպուեցաւ հրապարակաւ ծունկի գալ եւ յետս կոչել իր կարծիքը, որ հերետիկոսութիւն կը նկատուէր այն ժամանակ: Իմաստուն ծերունին, սակայն, իր հոգւոյն մէջ հանգիստ չէր…: Այն ինչ ըսած էր, իբրեւ համոզում գոյացած էր իր մէջը, եւ գիտական իր փորձարկումներուն հաստատ արդիւնքն էր: Մղձաւանջը տագնապի վերածուելով՝ հազիւ հաւատաքննութեան հրապարակային առաջին մասը աւարտած, Գալիլի ոտքի ելլելով՝ ոտքը գետին զարնելով կը գոչէ.
– Բայց կը դառնա՜յ…:
Իր այդ հաստատ համոզման պատճառաւ, Գալիլիի դատաւորները շփոթի կը մատնուին, ու խարոյկի դատապարտելու ծրագիրէն ետ կը կենան, սակայն մինչեւ իր մահը, հսկողութեան տակ կը պահեն զայն:
Ներկայիս գոյութիւն ունի «հանրային կարծիք» ըսուած հեղինակաւոր ատեանը, որ հակառակ ամէնէն անբարոյականը ըլլալուն, իր կարեւոր խօսքը ունի ըսելիք իւրաքանչիւր երեւոյթի մասին: Ամէնէն անբարոյականը, այո՛, որովհետեւ կրնայ պալատի մէջ, արքայական նախաճաշի սեղանին վրայ ծայր առնել, եւ կամ սովորական տանտիկիններու սուրճ դադարի շաղակրատութեանց օրակարգին իբրեւ ժամանցի նիւթ: Աշխարհի երեսին բնակող ամէն մարդ, ինչքան ալ շրջապատը արհամարհելու քաջութիւնն ունենայ, զօրաւոր անհատականութեան մը հետ զուգորդելով իր ներքին համոզումները՝ դարձեալ մէկ ականջով կը լսէ հանրային կարծիքին բարձրաղաղակ կանչը:
Գալիլիի վճռակամութիւնը խարոյկի դէզէն վար իջեցուց զինք: Սակայն միշտ չէ որ աստուածավախութեան զգացումը կը լեցնէ մարդադատ ատեաններու վրայ գտնուող անձերը: Անոնք ալ կրնան իրենց կեցուածքներուն վրայ անդրդուելի մնալ, եւ դատապարտութեան վճիռը սաստկացնել ու խարոյկին բոցը բորբոքել:
Բարեբախտաբար, քրիստոնէական կրօնքը եւս աշխարհի քաղաքակրթական զարգացման հետ ուղղակի քայլ պահեց, մշակոյթներու ազնուագոյն բազմոցներուն վրայ երկնցաւ, պալատականէն մինչեւ մուրացիկին հետ խօսելու ոճ որդեգրեց, վտանգի ժամանակ գիտցաւ իր պատեանին մէջ քաշուիլ ու իր սահմանները պաշտպանել, աւանդութեանց նկատմամբ շրջահայեաց բծախնդրութիւն ցուցաբերեց: Մէկ խօսքով, եկեղեցին միշտ ալ եղաւ իր ժամանակի՛ն կառոյցը, եւ ոչ թէ քարացած ու անթեք կոթող մը: Ճկունութիւնը, յատկապէս եկեղեցւոյ համար՝ էական է, որովհետեւ մարդոցմէ բաղկացած յարափոփոխ կառոյց մըն է անիկա, ու իր էութիւնը կազմող հաւատացեալներուն հետ միասին, պէտք է վերանորոգէ ինքզինք միշտ, անոնցմէ եկող թարմ գաղափարները իբրեւ մակարդ օգտագործելով, ու իր մեծ զանգուածը մակարդելով: Անոնք թթխմորի արժէք ունին յաճախ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջ զանգուածը խմորել: Վերջապէս չխմորուած ալիւրով հացի շոթեր կարելի պիտի չըլլայ պատրաստել ու թխել:
Ժամանակին հետ քայլ պահելու ճիշդ այս ըմբռնողութիւնն է, որուն ներկայիս կը տրուի «բարեկարգութիւն» կոչումը, որ խորքին մէջ ամէն օր տեղի կ՛ունենայ, եթէ զայն տեսնելու եւ զգալու յատուկ կարողութեամբ օժտուած ենք հոգեպէս եւ մտովին: Կեանքը ինք, գրիչի հարուածային գիծերու սպասելու ո՛չ համբերութիւնը եւ ո՛չ ալ զգայնութիւնը ունի: Հոսող ջուրի մը պէս կու գայ ու կ՛անցնի, եւ իր անցքի պահուն փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ, այնպէս ինչպէս լեռներէն վազող գետը, իր ափեզրի սահմանները միշտ փոփոխութեան կ՛ենթարկէ, երբեմն քարե՛ր նոյնիսկ կը պոկէ ու իր հոսանքն ի վար կը տանի անհետ:
Գալիլին պոռթկաց՝ «Բայց կը դառնա՜յ»: Այդ պոռթկումը, վստահաբար, մինչեւ գերեզման, ու թերեւս անկէ ալ անդին իր հետ տարաւ ան: Իր յանցանքը այն էր, որ իր ժամանակէն աւելի արագ ու առաջ մտածեց, ու յայտնեց այնպիսի գիտական փաստ մը, որուն հաստատումը շատեր պիտի երկրորդէին աւելի ուշ…: