Անշուշտ սրամտութիւնը եւ արթնութիւնը հիմնականօրէն կախեալ են ժառանգականութեան հետ: Նաեւ որոշ չափով գիտութիւնը հաստատած էր, թէ սրամտութիւնը կը հասնի մակարդակի մը չափահասութեան հետ միասին, ապա չի զարգանար անկէ ետք: Արդի գիտութիւնը սակայն կը հաւատայ, թէ մեր ուղեղը կրնայ բացուիլ ու զարգանալ նոյնիսկ չափահասութենէն ետք: Մոխրագոյն գլուխդ լաւ սնուցանէ ու խնամէ եւ կը դառնաս աւելի արթուն, առողջ եւ ապա երջանիկ: Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս…
1- Պահպանեցէք ձեր գլուխը, որպէս փափուկ եւ նուրբ անդամը ձեր մարմինին: Ուղեղը, որ տեղադրուած է գանկին մէջ, շատ փափուկ է ու զգայուն: Ամէնէն նուազագոյն հարուածն անգամ կրնայ վնաս պատճառել ուղեղին եւ հետեւանքներ ունենալ որոշ ժամանակէ մը ետք: Հետեւաբար թելադրելի է միշտ պահպանող գլխարկ հագնիլ հեծանիւ կամ ճեպանիւ (մոթորսայքըլ) քշելու, ձիւնի վրայ դահուկելու ժամանակ եւ ամէն անգամ, որ իյնալու վտանգ սպառնացող մարզանք մը կը կիրառենք: Ուղեղի այն հատուածները, որոնք պատասխանատու են յիշողութեան, սորվելու կամ տրամադրութեան կայունութեան, շատ զգայուն են հարուածներու նկատմամբ, հետեւաբար շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ այս իմաստով: Նոյնիսկ շատ փոքր կարծուած հարուածներն անգամ կրնան երկար ժամանակի վրայ իրենց խորունկ ազդեցութիւնը ունենալ ուղեղի աշխատանքին վրայ եւ այդ մէկը կրնայ յայտնաբերուիլ շատ ուշ:
2- Ձեր ուղեղը առաւելագոյն չափով բանեցուցէք: Նոր բաներ սորվիլը ենթական կը դարձնէ աւելի սրամիտ եւ արթուն: ԻՆչքան շատ բանեցնես մոխրագոյն գլուխդ, այնքան աւելի ուղեղը իր կապերը կը զօրացնէ: Յատկապէս որոշ տարիքէ մը ետք նոր լեզու մը սորվիլը կամ երաժշտական նոր գործիք մը նուգել սորվիլը շատ կր նպաստեն ուղեղին արթնութեան: Զգոյշ եղէք հեռատեսիլին առջեւ բազմադրուագ շարժանկար (serial) դիտելէ: Անոնք ոչ միայն արթնութիւն եւ սրամտութիւն չեն տար ուղեղին այլ կը ծառայեն բթացման՝ ժամանակի ընթացքին:
3- Մարզանք ըրէք անպայման: Արեան շրջագայութիւնը կը զարգանայ եւ աւելի աշխոյժ կը դառնայ մարզանքով: Հետեւաբար ուղեղին հասած թթուածինի քանակն ալ կը շատնայ եւ այդպիսով՝ ուղեղը աւելի լաւ բանելու հնարաւորութիւն կը ստանայ: Ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը կը հաստատէ, թէ շաբաթական 45 վայրկեան թեթեւ մարզանքն ու քալելը ուղեղին տրամաբանութեան զարգացումը 15% ով կÿաւելցնէ:
4- Բաւարար չափով քնանալ: Երբ խորունկ քունի հանգրուանին մէջն ենք, մեր ուղեղի բջիջները կը վերանորոգուին: Նորագոյն ուսումնասիրութեան մը համաձայն, մեր ուղեղը կÿաճի 6-8 ժամ քնանալու միջոցին: Անոնք որոնք 8-9 ժամ կը քնանան, աւելի զգօն եւ արթուն կÿըլլան:
5- Ձեր սննդականոնէն շատ մի նուազեցնէք շաքարեղէնը: Հաւասարակշռուած սննդականոն մը, ուր գոյութիւն ունին բաւարար չափով պտուղ եւ բանջարեղէն, շատ կարեւոր է ուղեղին աշխատանքին համար: Նուազ շաքարեղէնով կրնաք ձեր կշիռքը պակսեցնել, սակայն ուղեղը ամէն գնով պէտք ունի յարատեւ սնուցանող ջերմեռանդի, որ նախընտրաբար կը կազմէ շաքարեղէնը՝ յատկապէս հարազատ աղբիւրէ եկած շաքարեղէնը: Մութ գոյնով պտուղները մեծապէս կրնան նպաստել ուղեղի աշխատանքին: Յաճախ կեռաս ու հապալաս (blueberry) կերէք, որպէսզի ձեր ուղեղը պահպանուած ըլլայ երկար ժամանակամիջոցի համար: Հետեւաբար հաւասարակշռուած կերէք եւ ակնկալեցէք, որ երկար ու առողջ կեանք մը սպասէ ձեզի:
—————————————————————————————-
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Շուշմայով Ասպուրակ (Asparagus)
Բաղադրութիւն
1 1/2 թ. դգալ շուշմայի իւղ
1 փաունտ բարակ ասպուրակ՝ ծայրերը կտրուած եւ մօտաւորապէս մէկ ինչ կտորներու վերածուած
1 1/2 թ. դգալ սոյ թացան (sauce)
1 թ. դգալ շաքար
2 ա. դգալ խարկուած շուշմայ
Պատրաստութիւն
1- Ձէթը տաքցուցէք տապակի մը մէջ միջակ բարձրութեամբ: Աւելցուցէք ասպուրակները եւ թեթեւ ձէթի մէջ տապկեցէք մօտաւորապէս 2 վայրկեան:
2- Աւելցուցէք սոյ թացանը եւ մէկ վայրկեան եւս տապկեցէք նոյն կրակի բարձրութեան վրայ:
3- Աւելցուցէք շաքարը եւ կէս վայրկեան եւս պահեցէք կրակին վրայ:
4- Վերջին անգամ ցանեցէք շուշման եւ կրակը մարեցէք:
5- Հրամցուցէք խորոված բանջարեղէնի կողքին կամ միսերու հետ: