ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզ Ատրպէյճան պիտի այցելէ յառաջիկայ Յունիս 28ին, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ խորացնելու նպատակով:
Իսրայէլի նախագահին պիտի ընկերանայ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: