ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Յունիս 7ին, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն մօտաւորապէս 95 անդամներ մասնակցեցան երդման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանին մէջ:
Արարողութեան ընթացքին յանձնուեցան կարգեր ու աստիճաններ, որոնք արդիւնք էին ամիսներու վրայ երկարած դաստիարակչական ծրագիրներու, որոնցմէ վերջինը՝ Մայիսին տեղի ունեցած բանակումն էր:
Պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին նաեւ ծնողներ ու համակիրներ:
16 արի-արենոյշներ տուին իրենց սկաուտական երդումը: Ստորեւ՝ շնորհուած կարգերուն ու աստիճաններուն թիւերը.
1. Նորընծայ – 16
2. Բ. կարգ – 10
3. Ա. կարգ – 4
4. Կակուղ թաթիկ – 14
5. Միաստղ – 9
6. Երկաստղ – 3
7. Փոխվեցակապետ – 3
8. Վեցակապետ – 4
9. Փոխառաջնորդ – 5
10. Առաջնորդ – 3
Նաեւ, ՀՄԸՄի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին կողմէ Գոհար Մամպրոյեան ստացաւ միաւորի խմբապետուհիի պաշտօն:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղին անդամակցիլ փափաքողները կրնան անձամբ այցելել Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանը (1615 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027-5207), որուն շրջափակէն ներս կը հանդիպին սկաուտները, ամէն Կիրակի, կ.ա. ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղին գործունէութեան կամ անդամակցութեան պայմաններուն մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել (323) 663-9381 թիւին: