ՊԱՔՈՒ, «Today.Az».- Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քիլիչ Ատրպէյճանի Ռազմավարական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի կազմակերպած «Թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւնները շրջանային ռազմաքաղաքական պարունակին մէջ» թեմայով կլոր սեղանին ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբանայ, եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հողերը «չազատագրուին»։
Թուրքիոյ դեսպանը ըսած է. «Ատրպէյճանի հողամասերու քսան առ հարիւրը արդէն 18 տարիէ ի վեր կը գտնուին հայկական բռնագրաւումի տակ։ Չարամիտներ փորձեցին երկու եղբայրական երկիրները վէճի մղել, եւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման հաւանականութեան մասին տեղեկութիւն սփռեցին։ Սակայն Թուրքիոյ վարչապետին Ատրպէյճան այցելութիւնը կացութիւնը յստակացուց։ Աշխարհը համոզուեցաւ, որ Թուրքիա Ատրպէյճանը երբեք պիտի չլգէ եւ Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բանայ միայն այն ատեն, երբ հողամասերը բռնագրաւումէ ազատագրուին»։