ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 12ին հաղորդեց, թէ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ռահման Մուսթաֆայեւ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական հարցերու գրասենեակի պետ Ռոլանտ Կալարոկի հետ՝ պաշտօնապէս անոր փոխանցելու համար այս շաբթուան ընթացքին ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուայի Ստեփանակերտ այցելութեան հարցով բողոքը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթասկիզբը իր բողոքը յայտնած էր՝ պնդելով, թէ ֆրանսացի նախարարը Արցախ այցելելէ առաջ պէտք էր արտօնութիւն խնդրէր Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն:
Ֆրանսացի պաշտօնատարը վստահութեամբ յայտնած է, թէ երեսփոխանին կեցուածքը կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքը չէ, եւ թէ Փարիզ նեցուկ կը կանգնի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան: