ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Արիստոմենէ Վարուտաքիս, Յունիս 12ին հանդիպելով լրագրողներու հետ տեղեկացուցած է, թէ 2009-2012ի ընթացքին Համաշխարհային դրամատումը Հայաստանի պիտի տրամադրէ ընդհանուր առմամբ 670-700 միլիոն տոլարի վարկ, որուն շուրջ 20 տոկոսը պիտի ուղղուի 2009-2011ի պետական ամավարկ, իսկ մնացեալը՝ տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին, ինչպէս՝ գործարար միջավայրի բարելաւման, ենթակառուցուածքներու զարգացման, ոռոգման համակարգի բարելաւման եւ այլ բնագաւառներու:
Համաշխարհային դրամատան տնօրէններու խորհուրդը այս որոշումը կայացուցած է Յունիս 11ին՝ քննարկելով Հայաստանի հետ «Երկրի գործընկերութեան ռազմավարութիւնը»։ Դրամատան ռազմավարութիւնը ունի երկու հիմնական նպատակ՝ մեղմացնել անապահով խաւերուն վրայ ճգնաժամի ազդեցութիւնը եւ իրականացուելիք ծրագիրներուն միջոցով աջակցիլ Հայաստանի:
Դրամատունը կը վարկաւորէ նաեւ այնպիսի ծրագիրներ, որոնք համայնքներուն մէջ կը ստեղծեն կարճաժամկէտ եւ միջնաժամկէտ աշխատատեղեր։