ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յունիս 12ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ տարածքային տնտեսական զարգացման վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան յայտնած է, թէ այս տարուան առաջին եռամսեակին գրանցուած է զբօսաշրջիկներու աճ, որ 2.8% աւելի է քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի թիւը։
Ըստ Մ. Ապրեսեանի, 2001 թուականէն սկսեալ Հայաստանի մէջ ներքին զբօսաշրջութիւնը աճած է 20 տոկոսով։ Անոր հաւաստումով, հակառակ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին, Հայաստանի մէջ կ՛ակնկալուի զբօսաշրջիկներու աճ:
Ապրեսեան Մամուլի ազգային ակումբին մէջ Ուրբաթ օր ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտնած է, թէ տեղական սպառողներու համար ամառնային հանգիստը մատչելի դարձնելու նպատակով, ոլորտի անձնական հատուածին մէջ կը գործադրուի զեղչային քաղաքականութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.