ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 12ին Երեւանէն Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշ մեկնած են Հայաստանի ծանրամարտիկ, 56քկ. քաշային Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Առաքել Միրզոյեանը, անոր հայրը եւ մարզիչը՝ ողիմպիական ախոյեան Օգսէն Միրզոյեանը եւ ՀՀ Ծանրամարտի համադաշնութեան նախագահ Սամուէլ Խաչատրեանը:
Ա. Միրզոյեան, Յունիս 17ին պիտի մասնակցի Պուքրէշի մէջ կայանալիք աշխարհի պատանեկան առաջնութեան մրցոյթին: Կ՛ակնկալուէր, որ այս մրցաշարին մասնակցին առնուազն 4-5 հայ ծանրորդներ, սակայն Ծանրամարտի համադաշնութիւնը որոշած է ուղարկել միայն մէկը: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստանի երիտասարդ ծանրամարտիկները, որոնք մինչ այդ յաջող ելոյթ ունեցան Եւրոպայի առաջնութեան, ինքնաբերաբար դուրս կը մնան խմբային մրցապայքարէն: