ՊԱՔՈՒ, ՊՈԼԻՍ, «Թրենտ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու անցնող շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա մտադիր է այս ամսուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը դնել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ: «Շրջանին մէջ կացութիւնը բնականոնացնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ յառաջդիմութեան եւ զարգացումի կարիքը կայ», ըսած է նախարարը։
Յայտնենք, թէ Թուրքիա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ժամանակաւոր նախագահի պաշտօնը ստանձնած է:
Տաւութօղլու նաեւ նշած է, որ Թուրքիա արդիւնաւէտ բանակցութիւններ կ՛ակնկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, եւ աշխատանք կը տանի այդ ուղղութեամբ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ:
Նախարարը աւելցուցած է, թէ Թուրքիա վճռականօրէն տրամադրուած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն նկատմամբ: «Մենք մեր բարի դրացնութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ կ՛ուզենք առաւել եւս բնականոնացնել Հայաստանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները», յայտնեց ան։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները միայն Հարաւային Կովկասով չեն սահմանափակուիր, այլ անոնք կ՛ազդեն նաեւ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն վրայ։ «Ասիկա ճիշդ չէ։ Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք չէ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութեանց վրայ ազդեն», ըսած է ան։
Թուրքիոյ մէջ, վերջին քանի մը օրերուն «Էրկէնէքոն»ի հարցով ամբաստանուած փաստաբանի մը գրասենեակէն բացայայտուած պետութիւնը վարկաբեկելու միտող գաղտնի ծրագրին մէջ նշուած է, թէ ազգայնամոլները հրահանգ տուած են, որ իրենց բարեկամ նկատուող թերթերուն մէջ հրատարակուին այնպիսի լուրեր, որոնք կրնան նոր տագնապներ յառաջացնել Թուրքիոյ եւ Յունաստանի կամ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքներուն մէջ: Այսպիսի լուրեր հրատարակելով, դաւադրութեան հեղինակները կ՛ուզէին շահիլ դիմացի երկիրներուն ընդվզումն ու թշնամութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւորած կառավարութեան դէմ ու զօրացնել Թուրքիոյ մէջ գործող ազգայնամոլներուն դիրքը։ Այս դաւադրութեան մէկ գործադրութիւնը կը նկատուին այն լուրերը, որոնք կառավարութեան դէմ դիրք գրաւած «Հիւրրիյէթ»ի նման կարգ մը թերթերու մէջ միշտ կը հրատարակուէին՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացման մասին։ Այսպէս, հակառակ, որ նախագահը կամ վարչապետը կ՛ըսէին, թէ սահմանը պիտի չբացուի մինչեւ որ չլուծուի Ղարաբաղի հարցը, «Հիւրրիյէթ» ու այլ քանի մը թերթեր կը պնդէին, թէ սահմանը մօտ օրէն պիտի բացուի։