Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի հետ երկարատեւ խորհրդակցութիւններէ ու 18 ամսեայ ծրագրումի ու նախապատրաստութեանց շրջանէ մը ետք, դաստիարակ Հրակ Համալեան արտօնութիւն ստացած է «Չարթըր» տիպի միջնակարգ վարժարանի մը տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելու՝ Նորթ Հոլիվուտի մէջ:
«Վէլըր Էքէտըմի» անունով վարժարանը յառաջիկայ կրթական տարերջանին պիտի բացուի՝ սկսելով միայն Ե. դասարանով, որմէ ետք ամէն տարի դասարան մը եւս պիտի աւելնայ, հասնելով մինչեւ Ը. դասարան: Առաջին տարին պիտի ընդունուին առաւելագոյնը 120 աշակերտներ:
Վարժարանը պետական վարժարաններու նման անվճար է, սակայն անոնցմէ աւելի անկախ կերպով կը կառավարուի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 528-5467 թիւին կամ այցելել www.valoracademy.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.