ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, երէկ՝ Յունիս 16ին, ընդունած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչը ու ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն դոկտ. Ճաթինտըր Չիմայը:
Ըստ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան համագործակցութեան առնչուող շարք մը խնդիրներ, մանաւանդ՝ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացող աջակցութեան ծրագիրները: