ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յունիս 16-17ին Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող Ութերու խմբակի՝ G8-ի, նախապատրաստական համագումարին բացման իր խօսքը ուղղելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց կրօնի կարեւոր դերը ներկայ աշխարհի տագնապները դիմագրաւելու հաւաքական ճիգին մէջ։ Ան ներկայացուց «Կրօնքի դերը ներկայ աշխարհը տագնապեցնող հարցերուն նկատմամբ» նիւթը: Վեհափառ հայրապետը խօսք առաւ յանուն քրիստոնէութեան, իսկ յանուն իսլամութեան խօսք առաւ Ինտոնեզիոյ կրօնականներու համախմբումի պետ՝ դոկտ. Սիամսուտօ: Յանուն հրէական կրօնքին, խօսք առաւ Իսրայէլի ռաբբիններու պետ Փիրոն, իսկ յանուն պուտտայական կրօնին՝ Նիուանօ (Ճափոնէն)։

Համագումարէն առաջ, մասնակցող աւելի քան հարիւր բարձրաստիճան կրօնականներ, աշխարհի բոլոր կրօնքները ներկայացնող, նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցան Իտալիոյ նախագահ Նափոլիթանոյի հետ, (յայտնենք, որ վարչապետը այս օրերուն կը գտնուի Ուաշինկթըն) եւ յանուն համագումարի մասնակցողներուն՝ խօսք առաւ Արամ Ա. կաթողիկոս, յատկապէս շեշտելով կրօնքի դերը, իբրեւ ամբողջացուցիչ մասը քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային մօտեցումներու։ Խօսք առաւ նաեւ նախագահը, իր կարգին յիշեցնելով G8ի յառաջիկայ հանդիպման վճռական նշանակութիւնը, տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ։
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Հռոմի օդակայանին մէջ դիմաւորութեան եկած էին Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը եւ Իտալիոյ մօտ Լիբանանի դեսպանը։
G8-ի հանդիպումին պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Ռուսիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ճափոնի նախագահներն ու վարչապետները: Յիշեալ կառոյցը, որուն մաս կը կազմեն տնտեսական ու ճարտարարուեստական իմաստով աշխարհի ամէնէն զօրեղ ութ երկիրները, ստեղծուած է շուրջ 20 տարիներ առաջ:
Իտալիոյ կառավարութեան ու Վատիկանի գործակցութեամբ, Հռոմ հրաւիրուած էին աշխարհի բոլոր կրօնքները ներկայացնող խումբ մը բարձրաստիճան կրօնականներ՝ քննելու համար G8-ի օրակարգի հարցերը ու իրենց տեսակէտները փոխանցելու: Յիշեալ համագումարին մասնակցեցան շուրջ 25 բարձրաստիճան կրօնականներ: