ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, Յունիս 17ին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ասատ՝ կնոջ Ասմա Ասատի հետ:
Նոյն օրը, Հայաստանի նախագահի նստավայրը տեղի ունեցած է բարձրաստիճան հիւրի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդած է երկու նախագահներուն առանձնազրոյցը:
Ողջունելով Սուրիոյ նախագահի այցելութիւնը Հայաստան՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Հայաստանը խորապէս կարեւորում է յարաբերութիւնները Սիրիայի հետ՝ որպէս մերձաւոր-արեւելեան տարածաշրջանում հեղինակութիւն վայելող երկրի: Մենք հայ-սիրիական յարաբերութիւնները գնահատում ենք բարեկամական, բարձր մակարդակի, բայց նաեւ համարում ենք, որ դրանք զարգանալու դեռեւս շատ մեծ ներուժ ունեն»:
Երկու պետութիւններու ղեկավարներու առանձնազրոյցին յաջորդած է պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը՝ նախագահներուն մասնակցութեամբ:
Բանակցութիւններու աւարտին, երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է ներդրումներու փոխադարձ խրախուսման եւ պաշտպանութեան մասին համաձայնագիր, իսկ բնապահպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ՝ բնապահպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր:
Այնուհետեւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ ղեկավարները հանդէս եկած են մամլոյ համատեղ ասուլիսով, որուն ընթացքին շեշտը դրուած է յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ կապուած վերջին իրադարձութիւններուն վրայ:
«Մենք Սուրիոյ մէջ շատ գոհունակութեամբ ընդունեցինք այն քայլերը, որոնք ուղղուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Եւ ես պարոն նախագահ Սարգսեանին յայտնեցի իմ կարծիքը, թէ մենք պատրաստ ենք օգնելու, որպէսզի այդ յարաբերութիւնները առաջ շարժին», յայտնած է Սուրիոյ ղեկավարը:
Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ Լեռնայի Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային ներկայ փուլին, որուն մասին խօսելով՝ Պաշար Ասատ նշած է. «Հարցը շատ խրթին է, եւ մենք կը ցանկանք, որ անիկա աւելի չբարդանայ, քանի որ մենք, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեր փորձին իբրեւ արդիւնք, կը տեսնենք, դժբախտաբար, որ հարցը աւելի կը բարդանայ, եւ լուծումը աւելի դժուար կը գտնուի: Ես պարոն նախագահի կարծիքը ցանկացայ իմանալ այս հարցին շուրջ, քանի որ յաջորդ ամիս պիտի ալցելեմ Ատրպէյճան, եւ պէտք է ծանօթ ըլլամ նաեւ Հայաստանի նախագահի դիրքորոշման»: