ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 21ին Հայաստանի տարբեր վայրերուն մէջ պիտի նշուի երաժշտութեան տօնը, որ այս տարի նուիրուած է մեծ երգահան Կոմիտասի 140ամեակին: Այդ ծիրէն ներս, տարբեր շրջաններու մէջ, պիտի կայանան բազմաժանր երաժշտական բացօթեայ ելոյթներ: Ըստ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Գայեանէ Դուրգարեանի, բացօթեայ համերգներուն պիտի մասնակցին պետական երաժշտական խումբեր, այլ նուագախումբեր, երգչախումբեր, որոնք տարբեր հրապարակներու վրայ եւ կեդրոնական փողոցներու մէջ հանդէս պիտի գան կենդանի կատարումներով: Երեւանեան երաժշտական տօնահանդէսին այս տարի պիտի մասնակցի նաեւ ֆրանսացի յայտնի երգչուհի Նաթալի Ժուլին:
Մայրաքաղաքի այգիներէն մէկուն մէջ, Կոմիտասի արձանին մօտ, պիտի հնչեն մեծ երգահանի տարբեր ստեղծագործութիւնները՝ սկսած մանրապատումներէն մինչեւ խմբերգային գործերը: Բացօթեայ կատարումներուն զուգահեռ միակ փակ համերգը տեղի պիտի ունենայ Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ, որ կրկին նուիրուած պիտի ըլլայ Կոմիտասի յոբելեանին:
Բացօթեայ համերգները պիտի սկսին կէսօրին եւ շարունակուին մինչեւ կէս գիշեր:
Նշենք, որ երաժշտութեան տօնի միջոցառումները Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Ֆրանսայի դեսպանատան կողմէ: