ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Մայիս 23ին Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի նկատմամբ իրականացուած էր մահափորձ: Անյայտ անձեր փորձած էին Երեւանի Տէրեան փողոցի 19 շէնքի բակէն ներս տեղադրել հեռուէն կառավարուող պայթուցիկ սարք՝ իրականացնելու համար ուղղորդուած պայթումը:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, յայտնաբերուած եւ կալանաւորուած են յանցագործութեան անմիջական կատարողներն ու մասնակիցները, որոնք թիւով 8 հոգի են: Յանցագործներու խումբին պարագլուխն է «Մուսկուլ Գագօ» կեղծանունը կրող Երեւանի բնակիչ Գագիկ Գաբրիէլ Մաթեւոսեանը, որ 1992-1997 թուականներուն ծառայած է ներքին գործոց նախարարութեան ներքին զօրքերու «չղչիկներ» անուանով ստորաբաժանումին մէջ՝ իբրեւ հրամանատարի տեղակալ:
Մաթեւոսեանի բնակարանի խուզարկութեան ընթացքին, բացի կատարուածին հետ կապ ունեցող իրեղէն ապացոյցներէն, յայտնաբերուած եւ առգրաւուած են նաեւ աննախադէպ քանակութեամբ զէնք-զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր, հեռակառավարուող պայթուցիկ սարքեր: Անոր տան մօտ գտնուող կառոյցին մէջ յայտնաբերուած է նաեւ ընդյատակեայ քիմիական տարրալուծարան, ուրկէ առգրաւուած բազմատեսակ քիմիական նիւթերը օգտագործուած են պայթուցիկ սարքեր եւ թունաւոր նիւթեր պատրաստելու համար:
Հետագայ հետախուզական եւ քննչական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, պարզուած է, որ վերոնշեալ յանցագործութեան պատուէրը՝ Ռաֆայէլ Սուրէն Մասումեանի միջոցով, տուած է Մաքսային կոմիտէի նախկին աշխատակից Ռոպերթ Ալպերթ Երիցեանը՝ վճարելով 150 հազար ամերիկեան տոլար: Ռոպերթ Երիցեան Արաբկիրի նախկին թաղապետ Ալպերթ Երիցեանի որդին է: Վերջինս պաշտօնանկ եղած է Յունիս 17ին:
Նախքան յանցաւոր խումբի անդամներուն կալանաւորումը, Ռաֆայէլ Մասումեան դիմած է փախուստի եւ թաքնուած Վրաստանի տարածքէն ներս: Վրաստան մեկնած ԱԱԾ իրաւական խումբի, նաեւ տեղի յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ իրականացած հետախուզութիւններուն ընթացքին, Թիֆլիսի օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Ռ. Մասումեանը, երբ կը պատրաստուէր մեկնելու Վիեննա:
Իսկ Ռոպերթ Երիցեանի նկատմամբ յայտարարուած է միջազգային յետախուզում: Վերջինս յայտնաբերելու եւ ձերբակալելու ուղղութեամբ կ՛իրականացուին համապատասխան գործողութիւններ:
ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնին տուած տեղեկութեան համաձայն, ներկայիս նաեւ համապատասխան գործողութիւններ կ՛իրականացուին՝ բացայայտելու համար յանցաւոր խումբին կողմէ նախապէս կատարուած հնարաւոր նմանատիպ այլ յանցագործութիւններ: