ՎԻԵՆՆԱ, «Էյ.Փի.».- Անցեալ շաբաթ հաղորդած էինք, որ թուրք լրագրող Նէտիմ Շէնէր, 28 տարուան բանտարկութեան կրնայ ենթարկուիլ Թուրքիոյ մէջ, Հրանդ Տինքի սպանութեան պայմաններուն մասին՝ «Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եւ գաղտնի գործակալութեան սուտերը» գիրքը գրելուն համար, մինչ սպանութիւնը կատարող ոճրագործին համար կը պահանջուի 20 տարուան բանտարկութիւն:
Հինգշաբթի, Յունիս 18ին, Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) մամլոյ ազատութեան հարցերու յանձնակատար Միքլոս Հարազթի կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ կասեցնեն Շէնէրի դէմ բացուած դատը՝ աւելցնելով, թէ Թուրքիոյ «քննադատուած իշխանութիւնները պէտք չէ վրէժխնդրական արարքի մը զոհ դարձնեն արդարութիւնը»:
«Ան (Շէնէր) պարզապէս քննարկում մը կատարած է Հրանդ Տինքի սպանութեան առաջնորդած դէպքերուն, ինչպէս նաեւ ոճիրէն ետք դատախազութեան առած անբաւարար քայլերուն», գրած է Հարազթի՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի յղած իր նամակին մէջ: Ան նաեւ Թուրքիոյ մէջ արտայայտուելու ազատութիւնը պաշտպանելու համար, յաւելեալ օրէնքներ որդեգրելու կոչ ըրաւ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց պատասխանել Հարազթիի քննադատութեանց մասին հարցումներուն: