ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի (ԱԺ) արտահերթ նստաշրջանին, Յունիս 19ին պատգամաւորները քննարկեցին եւ հաստատեցին համաներում յայտարարելու մասին Հայաստանի նախագահի առաջարկը՝ 98 կողմ, 1 դէմ, 3 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Նախագահի առաջարկին վրայ կատարուեցան որոշ լրացումներ, որոնցմէ ամէնէն էականը ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանինն էր՝ 5 տարիէն աւելի ազատազրկման դատապարտուածներու պատժամիջոցը կրճատել կէսով:
Մինչեւ Սեպտեմբեր 31, շուրջ 2 հազար մարդ պիտի օգտուի յայտարարուելիք համաներումէն, անոնց մէկ մասը ազատ պիտի արձակուի, ուրիշներու պարագային՝ պատիժը կը մեղմանայ: Համաներումը պիտի ընդգրկէ նաեւ մարտիմէկեան դէպքերէն ետք կալանաւորուածներէն շուրջ 90 տոկոսը՝ ըստ արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեանին:
Համաներումը կÿընդգրկէ նաեւ պատգամաւորներ Յակոբ Յակոբեանը, Միասնիկ Մալխասեանը, ինչպէս նաեւ՝ Գագիկ æհանգիրեանն ու Սմբատ Այվազեանը: Իսկ պատգամաւորներ Սասուն Միքայէլեանի, Խաչատուր Սուքիասեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի պարագային, կան նախապայմաններ: Խաչատուր Սուքիասեանն ու Նիկոլ Փաշինեանը, եթէ ներկայանան իրաւապահ մարմիններուն մինչեւ Յունիս 30, ապա պիտի օգտուին համաներումէն:
Իսկ պատգամաւոր Սասուն Միքայէլեանին ուղղուած է միւսներէն աւելի խիստ մեղադրանք, որուն յօդուածը չի համապատասխաներ համաներման հիմքերուն: Անոր նկատմամբ համաներում չի կիրառուիր: Պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի հաշուարկով, ընդհանուր առմամբ, համաներումէն պիտի չկրնան օգտուիլ մարտիմէկեան դէպքերէն ետք կալանաւորուած 18 անձեր:
Համաներման հարցին մասին ՀՅԴ խմբակցութեան տեսակէտը Ազգային ժողովին յայտնած է Արմէն Ռուստամեանը, որ ըսած է, թէ Դաշնակցութիւնը, նկատի ունենալով քայլի քաղաքական նշանակութիւնը՝ սկիզբէն իսկ կը պնդէր համաներման անհրաժեշտութիւնը:
«Անհարկի ժամանակ կորսուեց: Եւրակառոյցների խիստ գնահատականներից յետոյ, զգալիօրէն սասանուեց մեր երկրի քաղաքական հեղինակութիւնը, իսկ հայ հասարակութիւնն էլ մի տեւական շրջան ապրեց՝ թշնամանքի, հակադրութիւնների ու սպասումների մէջ: Եւ այսօր արւում է աննախադէպ քայլ, որի մեխը Մարտի 1ի իրադարձութիւններն են եւ դրան յաջորդած՝ երկրի քաղաքական իրավիճակը:
Այս քայլով իշխանութիւններն ասում են, որ իրենք վրէժխնդրութիւն չունեն իրենց հակադրուածների հանդէպ եւ գիտակցում են, որ պէտք է փակուի Մարտի 1ի ողբերգական եւ ամօթալի էջը: Մենք պնդում էինք, որ ինչ էլ ասուի, միեւնոյն է, Եւրախորհուրդը իրադարձութիւնների հանդէպ ունի իր ուրոյն վերաբերմունքը: Այո՛, աւելի վաղ կիրառելով համաներումը՝ մենք կը կանխէինք այնպիսի շահարկումներ, ինչպիսին քաղբանտարկեալներ հասկացութիւնն է», յայտնած է Ռուստամեան: