ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազ ընտրուած Քարմէն Թրութանիչ, որ կը պատրաստուի իր պաշտօնը ստանձնելու Յուլիս 1ին, փոխանցման շրջանը կառավարելու նպատակով կազմած է մօտաւորապէս 70 հոգինոց մարմին մը, որուն համանախագահներէն մէկն է Լոս Անճելըսի շրջանային նախկին դատախազ Ռապըրթ Փիլիպոսեան:
Փիլիպոսեան ներկայիս մաս կը կազմէ «Շեփըրտ Մալըն» իրաւաբանական հիմնարկին: