ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Ուրբաթ, Յունիս 19ին պահանջեց դադրեցնել ընտրութեան արդիւնքին դէմ բողոքի ցոյցերը՝ նշելով, որ ընդդիմութեան ղեկավարները պատասխանատու պիտի նկատուին որեւէ արիւնահեղութեան համար։
Ան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը պաշտպանեց, իբրեւ նախագահական ընտրութեան իրաւացի յաղթականը, եւ մերժեց որեւէ հաւանականութիւն, թէ ընտրութիւնը զեղծուած է, ինչպէս Ահմատինեժատի մրցակիցները կը պնդեն։ Ան Թեհրանի համալսարանին ու անոր մերձակայ թաղերուն մէջ խճողուած բազմութեան յայտնեց. «Ընտրութեան արդիւնքը քուէատուփէն կու գայ, ոչ թէ փողոցէն։ Այսօր իրանցի ժողովուրդը հանդարտութեան կարիքը ունի», միաժամանակ քննադատելով այս կացութիւնը շահագործել փորձող օտար ուժերը: «Ամերիկացի պաշտօնատարներուն կողմէ մարդկային իրաւանց եւ ժողովուրդի վրայ սահմանափակումներու մասին ակնարկները անընդունելի են, որովհետեւ անոնք Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ աշխարհի այլ շրջաններու մէջ իրենց կատարածէն ետք, մարդկային իրաւանց մասին խօսելու իրաւունք չունին։ Անոնց խրատին պէտք չունինք», ըսաւ ան, մինչ ամերիկացի քոնկրէսականներ կը վաւերացնէին իրանցի ցուցարարներուն դէմ բռնարարքները դատապարտող բանաձեւ մը: