ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Երկուշաբթի, Յունիս 22ի առաւօտեան, ականի պայթում մը հարուածած է Ռուսիոյ Ինկուշեթիոյ շրջանի նախագահին շքախումբը. իբրեւ հետեւանք, նախագահը ծանրօրէն վիրաւորուած է, իսկ անոր թիկնապահներէն երեքը սպաննուած են։ Յարձակումը տեղի ունեցած է Նազրանի մօտերը։
Յարձակումը տեղի ունեցած է ճամբուն եզրին կանգած ականուած ինքնաշարժի մը միջոցով։
Յայտնենք, թէ Յունիս 10ին զինեալներ Նազրանի մէջ սպաննեցին շրջանի գերագոյն դատարանի փոխղեկավարը, իսկ Յունիս 13ին՝ շրջանի փոխվարչապետը:
Հանրապետութեան մէջ բռնարարքներու մեծամասնութիւնը առնչուած է անցած 15 տարուան ընթացքին մօտակայ Չէչէնիոյ մէջ տեղի ունեցած անջատողական պատերազմներուն եւ տարբեր խմբաւորումներու միջեւ հակամարտութեան ու իսլամ արմատականութեան աճին։