Մայիս 8ին կրկին տօնական տրամադրութին էր ԹԹՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի «Գարապեան» շքեղ սրահին մէջ:
Վարժարանին մէջ գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած ասմունքի մրցոյթը նախակրթարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Ալիս Գուրուեան այս անգամ նուիրած էր մայրերուն: Տիկին Գուրուեան բեմ հրաւիրեց 2րդէն մինչեւ 5րդ դասարանի ասմունքող աշակերտները, որոնք բանաստեղծութեան տողերով, համարձակ ու գրաւիչ առոգանութեամբ մեծարեցին մօր սուրբ կերպարը:
Բոլոր ասմունքները տպաւորիչ էին: Աշակերտները կ՛արտասանէին անսխալ՝ խոր ապրումով պահպանելով բարի հնչերանգն ու յուզականութիւնը:
Դատական կազմի անդամները այնքան սիրեցին աշակերտներուն կատարումները, որ որոշեցին սահմանել առաջնութեան մրցանակներ իւրաքանչիւր դասարանի համար:
Տնօրէն Վարդգէս Գուրուեան շնորհաւորեց աշակերտները, շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչուհի Ալիս Գուրուեանին եւ տիկին էմմա Ումրոյեանին: