ԷՄՄԱ ՈՒՄՐՈՅԵԱՆ
ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի տարեկան երկրորդ Մարզական ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 30ի երեկոյեան, ժամը 7:30ին, վարժարանիս «Ուոլթըր եւ Լորէլ Գարապեան» սրահին մէջ:
Վարժարանի Մարզական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մարզական այս ճաշկերոյթ-պարահանդէսը իրարու քով բերած էր վարժարանիս աշակերտները, ծնողները եւ բարեկամները մէկ հիմնական նպատակով՝ պատուել եւ պարգեւատրել այն աշակերտները, որոնք գերազանց արդիւնքներ ցուցաբերած էին ֆութպոլի, պասքէթպոլի եւ այլ մարզաձեւերու մէջ: Հաւաքը նպատակ ունէր նաեւ պատուել բոլոր այն անհատները, ովքեր տարի մը անսակարկ օժանդակեցին դպրոցի մարզական կեանքի վերելքին եւ խրախուսեցին աշակերտներուն նուաճումները:
Աշակերտները պարգեւներ ստացան «Salvation Army»ի կազմակերպած մարզական միջոցառումներուն մասնակցելու համար, իսկ Ասատուր Սուփիկեան եւ Դաւիթ Սուլեան ստացան NBA-ի, WNBA-ի եւ Skill Challenge-ի մրցանակները:
Օրուան հանդիսավարուհի Վիօլէթ Թաթոյեան-Փոշայեանի (նախկին շրջանաւարտ) բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ մարզիչ Ռուտոլֆ Ռամէհ: Ցուցադրուեցան վարժարանի մարզական կեանքէն լուսապատկերներ՝ պատրաստուած Է. Մանուկեանի կողմէ:
ՔԱՀԱՄի մասնակից աշակերտները նուաճած էին խմբային առաջնութեան 41 բաժակներ, ինչպէս նաեւ անհատական 13 ոսկի, 18 արծաթ եւ 5 այլ մետալներ:
Երեկոյի հովանաւոր Հմայեակ Վ. Պալթայեան, Մարզական յանձնախումբին կողմէ ստացաւ յատուկ մրցանակ՝ առ ի գնահատանք իր ասպետական արարքին: Ան բարձր գնահատելով վարժարանի արձանագրած մարզական յաջողութիւնները՝ $5000 նուիրեց վարժարանին: Դպրոցի մարզական կեանքին իրենց բերած մնայուն եւ նկատառելի օժանդակութեան ու աջակցութեան համար, գնահատագիրներ ստացան վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետ Գէորգ Մանտոսեան, տնօրէն Վարդգէս Գուրուեան եւ մարզանքի ուսուցիչ Ռուտոլֆ Ռամէհ:
Բաժակներու եւ պարգեւներու տուչութենէն ետք, աշակերտներ եւ ծնողներ երեկոն շարունակեցին պարահարթակին վրայ, մինչ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը կը բաժնուէր սեղաններուն:
Վարժարանիս Մարզական յանձնախումբը, նախագահութեամբ Յակոբ Մազլումեանի, անսակարկ նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ ամբողջ տարին ժրաջանօրէն աշխատեցաւ մարզական այլազան ձեռնարկներ կազմակերպելու ու դպրոցի մարզական կեանքը խթանելու նպատակով:
Մարզական յանձնախումբը կազմակերպեց դրամահաւաքներ, ճաշկերոյթներ եւ ճամբորդեց մարզիկ-աշակերտներու հետ՝ պատուով իրագործելու համար «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանին նկատմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնը: Անցնող Ապրիլին, Մարզական յանձնախումբը դպրոցիս «Տիգրանեան Առիւծներ» խումբին հետ Լաս Վեկաս ճամբորդեց՝ մեր մարզիկներուն սատարելու եւ անոնց յաղթական ոգին վառ պահելու համար: