ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կարօ Մարտիրոսեանի իրաւաբանական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ իրաւաբաններ Կարօ Մարտիրոսեանի ու Արմէն Ագարակեանի գլխաւորած իրաւաբանական խումբը վերջերս կրցած է 21,654,000 տոլարի վնասուց հատուցում մը ապահովել իրենց յաճախորդներէն Սուխսաքար (Սէմ) Փաննուին համար, «Լէնտ Ռովըր» ինքնաշարժի ընկերութեանց Հիւսիսային Ամերիկայի բաժանմունքէն:
Յատկանշական է, որ վերոյիշեալ երկու իրաւաբանները «Ֆերահեան» ազգային վարժարանը աւարտած են:
Կարօ Մարտիրոսեանի գլխաւորած իրաւաբանական խումբը կրցած է հաստատել, թէ Փանուի քշած «Լէնտ Ռովըր» ընկերութեան կողմէ արտադրուած, 1998ի «Տիսքավըր» տիպի ինքնաշարժը լաւապէս կառուցուած չէր, որուն հետեւանքով, 2003ի Դեկտեմբեր 14ին տեղի ունեցած արկածի մը ընթացքին 3.5 անգամ շրջած էր թիւ 118 ազատուղիին վրայ՝ մասնակիօրէն անդամալուծելով վարորդը, որ 47 տարեկան էր արկածին ատեն:
Դատավարութիւնը տեղի ունեցած էր Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանի շրջանային թիւ 21րդ բաժանմունքին մէջ, իսկ դատաւորն էր Ռապըրթ Օ՛Պրայնըն:
Դատը ներկայացնելու համար, Մարտիրոսեանի գլխաւորած իրաւաբանական խումբին անդամները վերջին հինգ տարիներուն շարք մը քննութիւններ կատարած են ու երկու անգամ «Լէնտ Ռովըր»ի կեդրոնատեղին հանդիսացող Անգլիա ճամբորդած էին, փաստելու համար, որ ենթական պիտի չ՛անդամալուծուէր, եթէ ինքնաշարժին արաստաղը աւելի ամուր շինուած ըլլար: Անոնք միաժամանակ շեշտած են, թէ ինքնաշարժին հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար բաւարար քայլեր չէին առնուած զայն արտադրող ընկերութեան կողմէ, ինչ որ նմանապէս կրնար առաջքը առնել Փանուիի կրած ֆիզիքական ծանր վնասներուն, որոնց հետեւանքով, ան ներկայիս իր տարրական կարիքներուն համար կախեալ կը մնայ իր ընտանեկան պարագաներու հոգատարութենէն:
Իրաւաբանները փաստեցին, թէ ինքնաշարժը աւելի ապահով դարձնելու ճարտարագիտութիւնը արդէն իսկ 1994էն ի վեր գոյութիւն ունէր, սակայն ընկերութիւնը զայն նկատի չէր առած մինչեւ 1999: Անոնք նաեւ հաստատեցին, թէ իւրաքանչիւր ինքնաշարժի վրայ միայն յաւելեալ 100 տոլար ծախսելով, անոր առաստաղը կարելի պիտի ըլլար զգալիօրէն ամրացնել: Անոնց փորձերը ցոյց տուին, որ նման ամրացումէ մը ետք, առաստաղը միայն 3 «ին»չով ճզմուած է, երբ անոր վրայ 30,000 փաունտնոց ուժ բանեցուած է:
«Լէնտ Ռովըր»ի դէմ այս վճիռին եւ Կարօ Մարտիրոսեանի կողմէ բացուած ինքնաշարժներու առաստաղներու ապահովութեան առնչուող դատերուն շնորհիւ, ինքնաշարժներու ընկերութիւնները վերջապէս տեղի տուած են եւ բացայայտած են այդ մասին գաղտնի պահուող շարք մը տեղեկութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է դաշնակցային օրէնք մը ապահովել Ապրիլ 30, 2009ին, եւ որոնք այսուհետեւ յատկանշականօրէն աւելի ապահով պիտի դարձնեն բոլոր ինքնաշարժներու առաստաղները:
Ըստ պետական տուեալներու, տարեկան մօտաւորապէս 273,000 ինքնաշարժներ կը շրջին արկածներու ընթացքին, որոնք աւելի քան 10,000 զոհ կը խլեն ու ծանրօրէն կը վիրաւորեն մօտաւորապէս 24,000 ուրիշներ:
Նոր օրէնքներուն համաձայն, մինչեւ 6000 փաունտ կշռող իւրաքանչիւր ինքնաշարժ պէտք է կարենայ իր կշիռքէն առնուազն երեք անգամ աւելի ճնշումի դիմանալ, իսկ 6000-10,000 փաունտ կշռող ինքնաշարժներուն պարագային, այդ համեմատութիւնը 1.5 անգամ է:
Յայտնենք, թէ Կարօ Մարտիրոսեան նաեւ եղած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան անդամ, իսկ ներկայիս անդամ է Հայ իրաւաբաններու միութեան (Armenian Bar Association):
Անոր իրաւաբանական գրասենեակը՝ «Mardirosian & Associates», ընդհանրապէս կը ներկայացնէ ծանր վնասներ կրած քաղաքացիներ, իսկ 2000ին, Մարտիրոսեան տարուան լաւագոյն իրաւաբանը նկատուած էր Լոս Անճելըսի յաճախորդներու Իրաւանց պաշտպան իրաւաբաններու միութեան կողմէ, որուն նախագահի պաշտօնակատարն է ան ներկայիս եւ կ՛ակնկալուի, որ միութեան նախագահը ըլլայ 2010ին կայանալիք ընտրութիւններէն ետք: