10 Տարիներու գեղեցիկ ու դաստիարակիչ աւանդութիւն մը եղած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն ներս, աւարտական կամ նախաւարտական կարգերու աշակերտները Հայաստան առաջնորդել, իբրեւ դաստարակչական շրջապտոյտ-ուխտագնացութիւն:
Հայկական վարժարան յաճախող հայ աշակերտը երկար տարիներ ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն իր գրասեղաններուն վրայ:
Հայրենիքով ապրեցնելու ուսուցիչներուն ջանքն ու Հայաստանով ապրելու աշակերտներուն պատրաստակամութիւնը, իսկական հողին մէջ աճեցնելու ու անոնց սնունդ տալու առիթ մըն է այս ճամբորդութիւնը: Արշակ թագաւորի օրինակով սնած երրորդ դասարանի հայ աշակերտը իր հայերէնի ուսուցիչէն լսած է հողին զօրութեան մասին, հաւատացած է անոր, սակայն Հայաստանի ճամբորդութեամբ նախաւարտական դասարանի աշակերտները ոչ միայն կը համոզուին այդ գաղափարով, այլ իրենց արմատները ամուր կը խրեն հայրենի հողին մէջ:
Հաւատքով կը դիտեն իւրաքանչիւր վայր, որուն նկարն ու շունչը դասարանին մէջ տեսած ու լսած էին: Զգացական արդար ապրումներ ու պահեր կ՛արձանագրեն իրենց կեանքի ամէնէն յիշատակելի տարիներու էջերուն վրայ: Արդարօրէն կը յուզուին՝ ի տես հայրենական ջերմ ու հարազատ մթնոլորտին եւ իրենց հայանալու, յարատեւ հայ մնալու ուխտն ու երդումը կը կատարեն Ծիծեռնակաբերդի նահատակներու անմահ յիշատակին առջեւ:
Ուխտագնացութիւնը սկսած էր Մայիս 19, 2009ին կէսօրին ժամը 12ին, երբ 49 պատանի-երիտասարդ աշակերտներ հաւաքուեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին: Հոլիվուտի Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, իր օրհնութիւնը ու աղօթքը առաքեց առ Աստուած, որպէսզի աշակերտութիւնը եւ իրենց առաջնորդ ուսուցիչները ապահով եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ ուխտագնացութիւն մը ունենան դէպի հայրենիք: Տէր Վիգէնը բոլորին մաղթեց բարի ճանապարհ եւ հայօրէն ապրելու, զգալու եւ շնչելու գեղեցիկ առիթ: Ան նաեւ աշակերտներուն մաղթեց, որ բոլոր սփիւռքահայերուն աչքերով դիտեն եւ վայելեն հայրենիքը:
Վարժարանի վաստակաշատ ու ժրաջան տնօրէն՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, աշակերտներուն փոխանցեց իր պատգամը: Բարի երթ, հաճելի ժամանց, օգտաշատ եւ ազգայնաշունչ պահեր մաղթեց անոնց: Ան յուշեց աշակերտներուն, թէ այս ճամբորդութիւնը եւ անոր տպաւորութիւնն ու փորձառութիւնը անոնք իրենց մէջ պիտի պահեն ամբողջ կեանք մը: Կ՛ապրին եւ ապա կ՛ապրեցնեն յաջորդ սերունդները իրենց ստացած արդար աւիշով, զոր պիտի ստանան սկզբնաղբիւրէն՝ հայրենի հողէն:
Աշակերտները մեկնելու պատրաստ էին եւ տոգորուած՝ տնօրէնին ու տէր հօր հայրական պատգամներով:
Անկէ ետք այլեւս շատ քիչ բան կը մնար խօսելու եւ դաստիարակելու: Անբարբառ լեզուով կ՛արտայատուէր հայրենի հողը, անաղօթք կ՛օրհնէր հայրենի ջուրը, առանց ցասումի կը պոռթկար Հայոց սարը՝ Արարատը, առանց գիրքի կը պատմէր հայկական վանքը եւ անարցունք կու լար կապուտաչեայ քաղցրիկ Սեւանը:
Երեւանեան քայլարշաւներով, հայաստանեան տեսարժան վայրերու այցելութեամբ, արցախեան վայրի բնութեամբ ու անոր ժողովուրդին մարտունակ ոգիով լեցուցինք մեր 13 օրերու կարճ, սակայն ամբողջ կեանք մը երկարող մեր շրջապտոյտը:
Արդարօրէն պէտք է խոստովանիլ, թէ հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ անդին գտնուող հայ աշակերտի բացառիկ հայրենասիրութեան լաւագոյն փաստն էր, որ ապրեցուցին մեզ մեր աշակերտները՝ իրենց կեցուածքով, յարգանքով, հնազանդութեամբ եւ երկիւղածութեամբ:
Ապրի՛ք աշակերտներ, մի՛շտ հպարտ ենք ձեզմով:
Տարիներու Երազը
Տարիներու դաստիարակութիւնս վերջապէս իմաստ ստացաւ, երբ օդանաւը իջաւ Հայաստան: Առաջին անգամ ըլլալով դասընկերներուս հետ միասին ինքզինքս գտայ Հայրենի հողին վրայ: Ամբողջ կենաքս անհամբերութեամբ սպասած էի այս ճամբորդութեան, եւ վերջապէս անիկա իրականացաւ:
Ուրախ էի այն աստիճան, որ բառերը չեն կրնար նկարագրել այդ ապրումներս: Գերագոյն խանդավառութեամբ եւ անձկութեամբ այդ պահին սպասած էի:
Առաջին անգամ այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդը: Լռութիւն տիրեց: Միակ ձայնը որ կը լսուէր այս ընդարձակ եւ հսկայ կառոյցին մէջ, մեղմ ու տխուր երաժշտութիւնն էր: Մթնոլորտը շատ տխուր ու ճնշիչ էր: Անմար կրակին շուրջ հաւաքուեցանք՝ ձեռք-ձեռքի բռնած, աղօթեցինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ խոնարհած, պահ մըն ալ լուռ մնացինք կոթողին առջեւ: Արցունքներ կը հոսէին աչքերէս, ինչպէս միւս դասընկերներուս աչքերէն նաեւ: Կեանքիս ընթացքին այսքան չէի յուզուած: Խառն զգացումներու երկար շարան մը պատած էր միտքս ու հոգիս՝ տխրութիւն, ջղայնութիւն եւ հպարտութիւն:
Այդ պահուն դասընկերներուս յուզուած եւ թրջուած աչքերը դիտելով՝ մէջս առաւել եւս արմատացաւ հայու ոգին եւ հպարտութիւնը՝ հանդէպ իմ ազգին ու հայրենիքին:
Սաթինէ Կիւլէզեան
Կեանքի Շղթան
2009 դպրոցական տարեշրջանը շուտով պիտի անցնի յիշատակներու կարգին: Տակաւին յստակօրէն կը յիշեմ վերամուտի առաջին օրերը: Բոլորս հաւաքուած էինք վարժարանի շրջափակէն ներս: Կը խօսէինք եւ մեծ խանդավառութիւն մը մեզ աւելի կը մօտեցնէր իրարու եւ անհամբեր կը դարձնէր մեր ջերմ ու եռանդուն հոգիները:
Բոլորս ալ լաւ գիտէինք, թէ 11րդ կարգը ուսումնական իմաստով մեծ մարտահրաւէր կը դնէր մեր առաջ: Շատ նորութիւններ ու դժուարութիւններ պիտի ունենայինք այս իմաստով: Գիտէինք, սակայն, այս բոլորին հետ միասին պիտի ապրէինք գերագոյն հաճոյք մը: Առաջին անգամ ըլլալով, ոչ միայն առանձին ճամբորդելու փորձառութիւնը պիտի ապրէինք, այլեւ Հայրենիք ճամբորդելու մեծ հպարտութիւնը պիտի վայելէինք:
Այս տարեշրջանին կրցայ դիմադրել զանազան դժուարութիւններ՝ ընկերային, ընտանեկան ու անձնական իմաստներով: Այս բոլորը զիս կերտեցին ու դարբնեցին եւ յաւելեալ ինքնավստահութեամբ զինեցին, որպէսզի միշտ կարենամ ապաւինիլ իմ անձիս ու գիտակցութեանս, կեանքի զանազան պայմաններու առջեւ:
Ամէնէն աւելի սակայն Հայաստանի մեր ճամբորդութիւնը զիս տպաւորեց ու հոգիս դրոշմեց անջնջելի յիշատակներով, որոնց ազդեցութիւնը պիտի կրեմ ամբողջ կեանքիս տեւողութեան: Թէեւ երեք տարի առաջ ալ այցելած էի Հայաստան, սակայն այս ճամբորդութիւնը շատ յատուկ էր իր տեսակով եւ թողած ազդեցութեամբ: Հայրենի հողի զօրութիւնը ապրեցայ, իբրեւ չափահաս ու գիտակից անձնաւորութիւն: Անոր ջուրն ու օդը շնչեցի ազատութեան մէջ: Ընկերային տարբեր փորձառութիւններ եւ տագնապներ յաղթահարեցի: Տակաւին առիթ ունեցայ նաեւ յայտնաբերելու իմ մէջ թաքնուած կարողութիւնները եւ ձիրքերը: Ծիծեռնակաբերդի, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Արցախի պատմութիւնը վերակենդանացուցի իմ մէջ, իմ անձնական գիտակցութեամբ:
Հասունցած կը զգայի ես զիս, ու հպարտ էի անոր համար: Այժմ փորձառութիւնները զիս աւելիով զօրացուցած են, աւելիով հայացած եմ, ամրապնդուած, եւ հասուն ու խոհեմ քայլերով պիտի առաջնորդուիմ դէպի ապագաս: Հայրենիքիս ու ազգիս արժէքը հիմա աւելի կը զգամ: Աւելիով կը յարգեմ իւրաքանչիւր գիտելիք, որ փոխանցուած էր ինծի երկար տարիներու ընթացքին: Կը հաւատամ որ այդ սերմերը սկսած են աճիլ, ճիւղաւորուիլ ու դեռ պիտի ծաղկին:
Հիմա արդարօրէն կը հաւատամ, որ մեր կեանքի փորձառութիւնները շղթայ մըն են, որուն շարունակականութիւնը կ՛արդարացնէ անցեալը եւ կ՛ապահովէ ապագան…
Սանան Մահսէրէճեան
Յիշատակելի Պահեր
Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջան կը յատկանշուի իր իւրայատուկ յիշատակներով: Ամէն օր մեր աշակերտական կեանքը բեղուն է զանազան յուշերով եւ յիշատակելի արարքներով:
Այս տարի շատ աւելի բեղուն եւ յիշատակելի տարի մը եղաւ, որովհետեւ երկու շաբաթ այցելեցինք մեր հայրենիքը: Յիշատակելի է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէի ու կը զգայի պապենական իմ հողերը: Երազ մըն էր, որ կ՛իրականանար: Մինչեւ օրս, նկարներով միայն տեսած ու ապրած էի իմ Հայրենի հողը, սակայն այս ուխտագնացութեամբ, կը զգայի եւ կը շնչէին հայրենի օդը ու անոր քաղցր բոյրը: Ուղեւորութիւնը, անշուշտ, յատուկ համ եւ հոտ կը ստանար, որովհետեւ տեղի կ՛ունենար դասընկեր-դասընկերուհիներով եւ մեր շատ սիրելի հայերէի դասատուներով:
Դաստիարակիչ եւ ազդեցիկ պտոյտ մըն էր: Առաջին հերթին մենք մեզ աւելի հասուն եւ պատասխանատու զգացինք, յատկապէս՝ մեր անձին նկատմամբ: Հոգատար անձեր եղանք իրարու հանդէպ եւ ամէնէն կարեւորը՝ անքակտելի կապերով զուգորդեցինք մեր հոգիները հայրենիքին: Ունեցանք յուզումնալից պահեր, խնդացինք ու լացինք միասին, բայց ամէնէն կարեւորը՝ ապրեցանք միասին, շնչեցինք միասին եւ երդուեցինք միշտ հայ մնալ միասին:
Անսահման ուրախութիւն էր տեսնել Արարատ լեռը, բայց խոր ցաւ էր զայն հեռուէն դիտելը եւ ստիպուած ընդունիլ այն դառն իրականութիւնը, որ Արարատը գրաւուած է բարբարոս ազգի մը կողմէ եւ այժմ մեր հողային տարածքի սահմաններուն մէջ չէ:
Յատկանշական էր եւ բաւական յուզիչ Ծիծեռնակաբերդի մեր այցելութիւնը: Այն վայրը, ուր պէտք է յարգանք մատուցէինք մեր 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Խոր Վիրապը, խորապէս տպաւորող այն վայրը, ուր Գրիգոր Լուսաւորիչ 13 տարի խաւարի ու մթութեան մէջ ապրելով, ապա հոգի լոյսով լուսաւորեց մեր երկիրը՝ զայն քրիստոնեայ դարձնելով:
Ինչպէս չյիշել Լոռին, Գեղարդը, Էջմիածինը, կամ Սեւանայ Լիճը՝ իր համեղ իշխանաձուկով: Այս բոլորը ապրեցանք եւ 13 օր վայելեցինք հայրենի հողին քաղցրութիւնը:
Ղարաբաղի մեր այցելութեամբ եւ մեր ազգակիցներու կեանքն ու կենցաղը տեսնելով՝ զգացի, թէ որքա՛ն անիրաւ ու անարդար է կեանքը, բայց նաեւ ինչքա՛ն զօրաւոր է մեր ազգի զաւակներուն մօտ ազգային խոր գիտակցութիւնն ու հայրենի հողին կառչած մնալու բնազդը:
Մեր ճամբորդութեամբ երդուեցինք աւելի հայանալ ու միշտ գիտակից ու հպարտ ապրիլ ազգային մեր արժանիքներուն նկատմամբ, նաեւ պայքարիլ՝ ազատագրելու համար մեր բռնագրաւեալ հողերը, որպէսզի իրականանայ մեր դարաւոր երազը:
Փաթիլ Տէրտէրեան
Հայաստանեան Տպաւորութիւններ
Այս տարի զանազան փորձառութիւններ ապրեցայ, բայց ամէնէն աւելին զիս տապաւորեց ու դաստիարակեց Հայաստանի մեր ճամբորդութիւնը: Շնորհիւ այս ճամբորդութեան, շահեցայ բաւական փորձառութիւն, որ կրնամ ի գործ դնել ամբողջ կեանքիս ընթացքին: Իւրաքանչիւր աշակերտ ճամբորդութեան ընթացքին իրեն ուսերուն շալկեց իւրայատուկ պարտականութիւններ եւ իր դերը յստակացաւ Հայաստանի հողին վրայ: Նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրցաւ ներշնչել իր անմիջական շրջապատը իր կարողութեամբ եւ գիտելիքներով:
Առաջին օրը Հայաստանի մէջ մենք այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդը: Այնքան տպաւորիչ ու յուզիչ էր այդ օրը, որ մեզ բոլորս ամրապնդեց նոր ազգային ոգիով եւ չափահասութեամբ պարուրեց մեր էութիւնը: Ամէն մարդ տպաւորուած ու ազդուած էր այդ պահուն, եւ անոնց դէմքերուն վրայ կարելի էր տեսնել այդ ապրումը, ցասումը, գոյատեւելու վճռակամութիւնը եւ առաւել եւս հայանալու լուրջ եւ խիզախ որոշումը: Թէեւ նախապէս այցելած էի Ծիծեռնակաբերդ, սակայն այս անգամ հոգիս էր որ կը տեսնէր այս հսկայական կառոյցը իր խորութեան մէջ, ոչ միայն աչքերս:
Երկրորդ հիմնական ու դաստիարակիչ տպաւորութիւնը ստացայ Եռաբլուրէն ու Արցախեան պատերազմին զոհուած Ազատամարտիկներու թանգարանէն: Այս երկու վայրերը իմ մէջ գիտակցութիւն արթնցուցին եւ մտածել տուին պահ մը, թէ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ միայն, մօտաւորապէս ինծի տարեկից երիտասարդներ, Հայրենի հողին պաշտպանութեան համար իրենց կեանքերը զոհեցին: Անոնք սուրբ հողին համար իրենց անմեղ արիւնը թափեցին: Մեր եղբայրներուն հերոսական արարքները նոր աչքերով սկսած էի դիտել ու գնահատել անոնց կատարածը՝ իրենց մահէն ալ անդին:
Ամբողջ ճամբորդութեան տեւողութեան նաեւ կը գնահատէի ծնողքիս կեցուածքը. անոնք մեծ դժուարութիւններ ու զոհողութիւններ յանձն առած, իրենց Հայրենիքէն պոկուած ու հարազատներէն բաժանուած, եկած ու հաստատուած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի իմ կեանքիս ընթացքին պատեհութիւններ ու փայլուն ապագայ ունենամ:
Վերջապէս ամէնօրեայ մեր ազատ շրջագայութիւնները Երեւանի մէջ ինծի բաւական հասունցուցին եւ կեանքի համահաւասար փորձառութիւններով զինեցին՝ ապագաս աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու համար:
Էտուարտ Ճիէրճեան
Մայիսեան Յուշեր
Խումբ մը երիտասարդ ամերիկահայ աշակերտներ սկսան իրենց ուղեւորութիւն- ուխտագնացութիւնը դէպի Հայրենիք:
Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը այցելած էր Հայաստան, բայց կար փոքր խումբ մը, որ առաջին անգամ ըլլալով կու տար այդ այցելութիւնը: Անոնցմէ մէկն ալ ես էի՝ Ալիք Շիրիքեան:
Անկարելի է իմ ապրումներս յայտնել գրիչով կամ նոյնիսկ ամէնէն գեղեցիկ բառերով: Անոնք միայն ապրումներ են, որոնք մասունքի պէս պիտի պահուին իմ էութեանս ամէնէն բարձր պատուանդանին վրայ:
Աշակերտական տարիներուն հայ ուսուցիչներուն բոլոր սորվեցուցածները եւ հայրենի պատկերները հիմա անձամբ կը տեսնէի ու անոնցմով կը շնչէի ամէն վայրկեան: Նախապէս կը դիտէի տպուած նկարներ դասագիրքերու եւ զանազան ալպոմներու մէջ, բայց հիմա ունիմ իմ սեփական ու հսկայական ժողովածուն, որուն համար շատ ուրախ եւ հպարտ եմ:
Ամբողջ այցելութեան տեւողութեան, իւրաքանչիւր րոպէն անգամ տպաւորիչ էր: Պերճախօս քարերը եւ լուռ ու թախծոտ աչքերով մարդիկ զիս այնքա՛ն տպաւորեցին, կամ, նոյնիսկ, զիս աւելի հայացուցին ու մարդացուցին:
Ծիծեռնակաբերդը սակայն զիս ամէնէն շատ տպաւորող բաժինն էր: Մարմինս կը դողար եւ սիրտս կու լար: Կեդրոնացած էի ու մտքով կը թերթատէի բոլոր այդ պատմութիւնները, որոնք լսած էի Ապրիլեան զոհերուն մասին: Կը դիտէի անյագ կերպով եւ կը յուզուէի անսահման արցունքներով ու բարձրաղաղակ լացով: Բարկութիւն, ցասում, վրէժ, պահանջատիրութիւն եւ խոր յուզում կար հոգիիս մէջ:
Այս ճամբորդութիւնը ոչ միայն հայրենական շրջապտոյտ մըն էր, այլ մեծ դաս ու բաւական փորձառութիւն: Վերադարձիս կ՛անդրադառնամ, որ մեծ աղջիկ մըն եմ, հասուն ու չափահաս աշակերտուհի մը:
Միշտ լսած եմ ու սորված, թէ հայրենիքը ոչինչ է առանց իր ազգի զաւակներուն: Այս առթիւ ես ալ կ՛ուզեմ ըսել՝ Ալիք Շիրիքեանը ոչինչ է, առանց իր հայրենիքին՝ Հայաստանին:
Ալիք Շիրիքեան