Ըստ Յարութ Սասունեանի Ցեղասպանութիւնը Իրողութիւն Է, Իսկ Պահանջը՝ Հատուցումն Ու Հողի Վերադարձը
Վարեց՝ ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ».- Հայ-թրքական յարաբերութիւններու իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք վերջին դէպքերն ու զարգացումները։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ապրիլ 22ի յայտարարութենէն ետք, բանակցութիւնները գրեթէ «ջուրը ինկած են» եւ յառաջխաղացք չկայ, որովհետեւ թուրքերը Արցախի վերաբերեալ վերակենդանացուցին իրենց նախապայմանները։ Անոնք ամէն օր կը կրկնեն նոյն յանկերգը, թէ սահմանը պիտի չբանան, մինչեւ որ չլուծուի Արցախի հարցը եւ հողերը չվերադարձուին ազերիներուն։ Իսկ Հայաստանի պետութիւնը միշտ ըսած է, թէ անընդունելի են նախապայմանները։ Մեր սկզբունքներէն զիջելէ ետք, եթէ սահմանը բացուէր, նուազագոյնը կ՛արդիւնաւորուէր։ Այդ մէկն ալ չիրականացաւ։ Այս հանգրուանին շահողները եղան թուրքերը, որոնց միջազգային վարկը բարձրացաւ, եւ անոնք բանակցութեան մթնոլորտ ստեղծելով՝ յաջողեցան կասեցնել Օպամային «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելը։ Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Հայաստանի վրայ ճնշումներ բանեցնելը, որպէսզի Արցախի վերաբերեալ զիջումներ կատարուին, եւ եթէ օր մը հարցը հասնի այնտեղ, որ Մինսքի միջնորդութեամբ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը որոշ կէտերու շուրջ համաձայնին, ապա այն ատեն պիտի վերակենդանացնեն սահման բանալու հարցը։
«ԱԶԴԱԿ».- Չէ՞ք կարծեր, որ Արցախի հարցը լուծուելէ ետք, Թուրքիոյ պետութիւնը իբրեւ նախապայման պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ցեղասպանութեան հարցը թուրքերը կը հետապնդեն միջ-պետական յանձնախումբերու ընդմէջէն։ Այդ հարցը արդէն իրենց ի նպաստ ընթացք առած է։ Մինչ Արցախի հարցը թուրքերուն համար լուրջ հարց է, քանի որ իրենց եղբայր հանրապետութիւնը՝ Ատրպէյճանը կը կատարէ ամէն տեսակի սպառնալիքներ՝ կապերու խզում, կազի գիներու բարձրացում: Վերջին ամիսներուն Ալիեւը նոյնիսկ փակել տուաւ թրքական երեք մզկիթներ, ինչ որ շատ ծայրայեղ քայլ մըն էր։ Ալիեւ նաեւ արգիլեց Ատրպէյճանի հեռատեսիլի կայաններէն թրքական ժապաւէններու եւ երաժշտական ցուցադրութիւնները։ Թուրքերը շատ լուրջ կերպով ի մտի կ՛ունենան ատրպէյճանական հակազդեցութիւնները, եւ անոնք շարունակ կ՛ուզեն, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը գոհ մնայ։ Ուրեմն, անոնք Ցեղասպանութեան հարցով այդքան ալ մտահոգ չեն, քանի որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ-չճանչնալը որեւէ խաչաձեւում չի յառաջացներ։
«ԱԶԴԱԿ».- Արդէն նշեցիք, թէ Հայաստանի իշխանութեան Ֆութպոլային քաղաքականութիւնն ու Ապրիլ 22ի միացեալ հաղորդագրութիւնը շահ ապահովեց միայն Թուրքիոյ։ Այս գծով Հայաստանին կողմէ սխալը ո՞ւր է։ Արդեօք հոն քաղաքական հասունութեան խնդիր կա՞յ, ամբողջական Հայաստանի տեսլականին մէջ հարց կա՞յ, թէ տագնապը ուրիշ տեղ պէտք է փնտռել։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան մէջ քաղաքական մտածողութիւն չէ ունեցած, իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ղեկավարութիւնը քաղաքականօրէն ընդհանրապէս անփորձ են, եւ այստեղ ես տեսլականի տարբերութիւն չեմ տեսներ։ Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի մեր ժողովուրդը նոյնքան նախանձախնդիր է Հայ Դատի պահանջատիրութեան գծով, որքան որ է սփիւռքահայութիւնը։ Մէկ ժողովուրդ ենք եւ բոլորս ալ նոյն պահանջները ունինք։ Չմոռնանք, որ Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդէն աւելին Ցեղասպանութեան ժառանգորդներն են, որոնք փրկուած են եւ գաղթած՝ Արեւելահայաստան։ Եթէ մենք քաղաքական հասունութիւն ունենայինք, ապա այս բոլոր հարցերուն նկատմամբ տարբեր մօտեցում կ՛ունենայինք։ Բայց քանի որ այդ մէկը բացակայ է, հազարումէկ այլ խնդիրներ երեւան կու գան, որոնցմէ կարելի է նշել անկազմակերպ ըլլալը, տնտեսական եւ քաղաքական ուժ չունենալը, ներքին պառակտումները, յետոյ՝ աշխատանքային բաժանմունքներ չունենալը։ Հայաստանի պետութեան եւ գաղութներուն միջեւ Հայ Դատի աշխատանքներուն վերաբերեալ համապատասխան գործնական համադրումներ գոյութիւն չունին։ Եթէ մենք համազգային մարմին մը ունենայինք, որ այս բոլորը փակ դռներու ետեւ քննէր, եւ եթէ նոյնիսկ հոն չհամաձայնէին, ապա նուազագոյնը միտքերը կը զարգացնէինք, եւ կը ստեղծուէր փոխադարձ հասկացողութիւն։ Պարզապէս դուրսէն քննադատութիւններ կատարելը միայն կը պառակտէ ու կը յառաջացնէ յաւելեալ բաժանումներ։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ընթացքին միակ դրական բանը այն էր, որ Ալիեւը զայրացաւ թուրքերէն, եւ եթէ մենք քաղաքականօրէն հասուն ու խորամանկ ըլլայինք, ապա կը խորացնէինք այդ ստեղծուած ճեղքը։ Մենք փոխանակ շահագործելու ազերի-թրքական լարուածութիւնը, հիմա կը խորացնենք Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ ճեղքը։ Մենք համախմբումի կարիքն ունինք, որովհետեւ ճակատումները կը տկարացնեն ժողովուրդն ու դատը։
«ԱԶԴԱԿ».- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը վերջին դէպքերուն պատճառով որքա՞ն հարուած ստացաւ, երբ երրորդ կողմը՝ միջազգային ընտանիքը արդէն հեռացաւ գործընթացէն։ Իսկ այսօր որքա՞ն պէտք է ճանաչումին վրայ գրաւ դրուի, երբ այդ մէկը արդէն ժամավաճառութեան կը վերածուի։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Վերջին տարիներուն տարբեր առիթներով յայտնած եմ, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդէն իրագործուած է, եւ Ցեղասպանութիւնը փաստուած պատմական ճշմարտութիւն է։ Երկար տարիներ պէտք ունէինք այդ ճշմարտութիւնը հաստատելու, որուն համար լաւ աշխատանք կատարուած է Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ վերջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։ Այսօր տեղ մը հասած է, որ ճանաչումը փաստելը ժամավաճառութիւն է։ Այո՛, պէտք չէ մոռնանք, որ մեր պատմութեան ամէնէն աղէտալի դէպքը կը մնայ Ցեղասպանութիւնը, բայց մենք պէտք է մեր իսկական պահանջներուն վրայ աշխատինք։ Ցեղասպանութիւնը պահանջ չէ, այլ իրողութիւն է, իսկ պահանջը հետեւանքներու վերացման հոլովոյթն է, հատուցումն է ու հողերու վերադարձն է, որոնց մասին պէտք է մտածել, ծրագրել ու գործնական քայլերու դիմել։ Ուստի, պէտք է կազմակերպուինք եւ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք մեր իսկական պահանջներուն վրայ…
«ԱԶԴԱԿ».- Ուրեմն, կրնա՞նք հաստատել, թէ ճանաչման հոլովոյթը՝ «Ցեղասպանութիւն» բառը «ըսել-չըսելը», նոյնիքն թրքական քաղաքական ու դիւանագիտական խաղ մըն է, ժամանակ կորսնցնելու ու յետաձգելու հոլովոյթ է։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Այո՛, վստահաբար թուրքերը կը շահագործեն, բայց վստահ եմ, որ պատճառը մենք ենք։ Եթէ հայ ժողովուրդը լաւ ձեւով չի գիտեր իր դատը լաւագոյն ձեւով պաշտպանել, ապա ինչպէ՞ս կարելի է մեղադրել թուրքերը, որոնք այդ առիթը ամբողջովին կը շահագործեն։ Մենք անընդհատ կը պնդենք, որ ցեղասպանութիւն եղած է, իսկ իրենք ոչ կ՛ըսեն, ու այս ընթացքով յաջորդ քայլին պիտի չանցնինք։ ՄԵնք պէտք է գիտակցինք, որ այս ոճի ճանաչումը հատուցում չի բերեր։ Եթէ Օպամային «Ցեղասպանութիւն» ըսելը մեզի օգուտ ունենար, նախագահ Ռիկընը 1981 թուականին հռչակագիր ստորագրած է, որ 28 տարի ետք տակաւին որեւէ օգուտ չէ բերած։
«ԱԶԴԱԿ».- Այսինքն հարցը հո՛ն է, որ մեզի համար Ցեղասպանութիւնը նպատակ եղած է, հակառակ անոր որ պէտք է միջոց ըլլայ…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ճիշդ հոն է հարցը։ Ճանաչումը պէտք չէր նպատակ ըլլար։ Այդ մէկը կարեւոր միջոցառում մըն էր, որ երկար տարիներ առաջ անհրաժեշտութիւն էր։ Անցեալին միջազգային ընտանիքը չէր գիտեր, թէ ցեղասպանութիւն պատահած է, բայց վերջին տարիներուն աշխարհը շատ լաւ ճանչցաւ իրողութիւնը, եւ հիմա այլեւս անիմաստ է փորձել Ցեղասպանութիւն փաստելը։ Ասիկա վնասակար է, քանի որ ցեղասպանութեան ճանաչում հետապնդելը կը նշանակէ, որ մենք կ՛ընդունինք, թէ ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցուած, ինչ որ այդպէս չէ։ Պէտք չէ փորձենք փաստել բան մը, որ արդէն իսկ փաստարկուած է։ Իսկ երկրորդ կէտը այն է, որ երբ մենք ճանաչումով կը զբաղինք, ապա մեր պահանջատիրութեամբ չենք զբաղիր, քանի որ մենք ունինք յստակ մարդուժի, նիւթական եւ ժամանակի խնդիրներ։ Դէմ չեմ, որ արծարծուի հարցը, բայց պէտք է կեդրոնացնել միջոցները, որպէսզի կարենանք մեր դատը յառաջ մղելով՝ հասցնել յաջորդ հանգրուանին։
«ԱԶԴԱԿ».- Վերջերս շատ կը խօսուի հատուցման անցնելու կարեւորութեան մասին, բայց ինչպէ՞ս, ծրագիր կա՞յ, թէ՞ պարզապէս ձգտում մըն է։ Այս առնչութեամբ ի՞նչ ըսելիք ունիք, եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր առաջին քայլը։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Հատուցման ծրագիր գոյութիւն չունի, քանի որ ծրագրողներ չկան, քանի որ բոլորս զբաղած ենք ցեղասպանութիւն փաստելով։ Նախ պէտք է, որ մարդիկ՝ մասնագէտներ, իրաւաբաններ, պատմաբաններ, ներկայացուցիչներ, բոլորն ալ քով-քովի գան, սերտեն, թէ ուրկէ՛ պէտք է սկսիլ եւ որո՞նք են առաջնահերթութիւնները։ Հարցերը պէտք է քննել դատարաններուն մէջ, ուր հաւանականութիւն գոյութիւն ունի դատեր շահելու, բայց հոն պէտք է լաւ պատրաստուածութիւն, կազմակերպուածութիւն, այլապէս, եթէ դատը կորսուի, ապա նոյնինքն Դատը կործանման կ՛ենթարկուի։ Պէտք է կատարել մասնագիտական ու հետեւողական աշխատանք։ Կան շատ մը գործնական քայլեր, օրինակի համար կարելի է Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարանին առջեւ դատ բանալ, հաստատելու համար՝ թէ Թուրքիոյ մէջ գտնուող մեր եկեղեցիները, որոնք մզկիթի, բնակութեան վայրի, պահեստանոցի կամ կործանման ենթարկուած են, պէտք է դրուին Պոլսոյ պատրիարքութեան հովանաւորութեան տակ։ Հոս կարելի է շեշտել, թէ պատրիարքութիւնը թրքական հաստատութիւն մըն է, եւ Թուրքիոյ պետութիւնը իրաւունք չունի իւրացնելու ոչ պետական կառոյցները։ Մենք պէտք է դատ բանանք Թուրքիոյ եկեղեցիներուն եւ փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Կրնանք դատ բանալ Թուրքիոյ թիւ 301 յօդուածին դէմ։ Տակաւին կարելի է քննել անհատներու կալուածներու խնդիրը, Օսմանեան դրամատան մէջ հայերու հաշիւները, եւ երկար ցանկ մը կայ, որ կարիքը ունի լուրջ ծրագրաւորումի ու աշխատանքի։