ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերու տօնին առթիւ, Չորեքշաբթի, Յունիս 24ին տեղի ունեցած է ռազմափորձ մը, որուն ներկայ գտնուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Ան այս առթիւ ճառ մը արտասանելով շնորհաւորած է զինուորական ծառայութիւն կատարողները եւ ըսած, թէ ատրպեճանական բանակը հզօր բանակ մըն է եւ անոր ամրապնդումը յաջող կերպով կը շարունակուի։ «1993ին Հայտար Ալիեւի իշխանութեան վերադարձէն ետք, Ատրպէյճանի մէջ բանակի կազմութեան աշխատանքները սկսան», ըսաւ ան։ Ատրպէյճանի նախագահը յայտնեց, որ բանակին մէջ հմտութիւնը աճ արձանագրած է եւ ինք յաճախ բանակային զօրաբաժիններ այցելելով՝ ականատես եղած է երկրին զինուորական ուժի աճին:
Ան նշեց, որ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին պաշտպանութեան մարզի ծախսերը զգալիօրէն աճած են, աւելի եւս ամրապնդելով բանակը։
Ատրպէյճանի նախագահը շեշտեց, որ իր երկրին բանակը պատրաստ է որեւէ կացութիւն դիմագրաւելու։
«Եթէ 15 տարիէ ի վեր ընթացող բանակցութիւնները արդիւնք չտան, այդ պարագային պէտք է մեր բանակին ապաւինինք։ Ուստի անցնող երկու տարուան ընթացքին բանակին կարողականութիւնը ամրապնդելու նպատակով նկատառելի քայլեր առնուած են», ըսած է ան։
Ալիեւ յայտարարած է. «Այսօր մեր բանակը շրջանի հզօրագոյն բանակն է։ Հարկ ըլլալու պարագային, կրնանք մեր բանակը օգտագործել Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար։ Ասիկա մեր իրաւունքն է։ Կասկած չունիմ, որ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը պիտի վերականգնի եւ վերջ պիտի տանք այս անարդարութեան, որովհետեւ միջազգային օրէնքի բոլոր արժէքները ի նպաստ մեզի են։ Պատերազմը դեռ չէ աւարտած։ Միայն անոր առաջին հանգրուանը աւարտած է։ Պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք մեր հողամասերը բռնագրաւումէ ազատագրելու»։
Միւս կողմէ, Գանձակի պետական համալսարանին մէջ, «Եւրոպական ապահովութեան համակարգին մէջ ՆԱԹՕի դերը» նիւթին շուրջ կլոր սեղան մը տեղի ունեցած է՝ մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Նիքոլայ Ուրեքուի, որ նշած է, թէ Ատրպէյճան-ՆԱԹՕ ապագայ գործակցութիւնը պիտի ըլլայ ուժանիւթի աղբիւրներու պաշտպանութեան եւ ծովուժի մարզերուն մէջ։
Պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մասին հարցումի մը՝ դեսպանը տագնապի երկարաձգման վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը յայտնած է։ «ՆԱԹՕ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ կը գործակցի եւ կը փորձէ այս հարցին մէջ անկողմնակալ ըլլալ։ Սակայն մենք Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան կը զօրակցինք», ըսած է ան: