ԱՒԵՏԻՍ ԳԷՈՐԳԷԱՆ
Յաճախ չի պատահիր որ հայեր առիթ ունենան ազդելու դատական հարցի մը վրայ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան կ՛առընչուի բայց որուն հայ մը չի մասնակցիր:
Ահա ճիշդ այդպիսի առիթ մը ստեղծուած է եւ հարկ է որ հայեր մասնակից դառնան նուազագոյնը amicus curiae (դատարանի բարեկամ) ցուցմունք տալու ի նպաստ պաշտպանեալին:
Այս պարագային, պաշտպանեալը անսովոր է եւ դատի քաշուած՝ անձի մը կողմէ որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն գլխաւորներէն է:
Ծանօթ՝ ատելավառ խմբակներու իր ուսումնասիրութիւններով, Հարաւային աղքատութեան օրէնքի կեդրոնը (ՀԱՕԿ) անցեալ տարի յօդուած մը հրատարակած էր՝ «ժխտումի կացութիւնը», ուր քննադատած էր Կուենտըր Լիւին, ըսելով որ «Լիւի ամենէն գործօն անդամներէն է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ տարեկան հարիւրհազարաւոր տոլարներով հասութաւորուող ամերիկացի գրագէտներու, ազ-դումի փերեզակներու եւ կայքէջ վարողներու ցանցի մը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը առաջ կը քշէ»: Միւս հաստատումը որուն Լիւի կ՛առարկէ իր դատական գործին մէջ, կ՛ըսէ. «Լիւի նման վերատեսական պնդումներ կ՛ընէ իր 2005ի Հայկական կոտորածները Օսմանեան կայսրութեան մէջ. Հերքուած ցեղասպանութիւն մը գրքին եւ երկրի տարածքին համալսարանական շրջափակերու մէջ յաճախակի ատենախօսութիւններով: …Հայկական ցեղասպանութեան մասին կասկած յարուցանող եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ վճարուած վերատեսիչ պատմաբանները քաղաքական գործիչներու տրամադրեցին իմաստաբանական ծածկոցը, որուն պէտք ունէին՝ յայտարարելու համար թէ իբր իրենք կը մերժէին պատմութիւնը պարտադրել, քան թէ կը զիջէին օտար պետութեան մը մերօրեայ շահերուն»:
ՀԱՕԿը ամբաստանելով անուանարկումի մէջ, կը հաղորդուի թէ Լիւի միլիոնաւոր տոլարներու կը ձգտի, պնդելով թէ հաստատումները «անուանարկիչ են որովհետեւ կեղծաբար ակադեմական նենգամտութիւն, խարդախութիւն եւ ստախօսութիւն կը վերագրեն Հայցուորին…»: Դատահայցը կ՛ըսէ, թէ մեղադրանքներուն հետեւանքով Լիւի իր «գիտական հաւատարժանութիւն»ը վնասուած գտած է եւ կորսնցուցած է գրքերու վաճառք ու բանախօսական պատուէրներ:
Հարկ չկայ աւելի մանրմասնելու, որովհետեւ հայոց մեծ մասը ծանօթ է կամ պէտք է ծանօթ ըլլայ Լիւիի ժխտողական տեսակէտներուն:
Այս դատական գործը քիչ մը կը յիշեցնէ 1996ին Լոնտոնի մէջ Դէյուիդ Ըրուինգի կողմէ բացուած դատը Դեբորահ Լիպստադտի դէմ, որովհետեւ վերջինս բաներ մը ըսած էր Ըրուինգի եւ Բ. Աշխարհամարտին հրեաներու ցեղասպանութեան անոր ժխտումներուն մասին: Ըրուինգն ալ դատի տուած էր: Այդ դատին, սակայն, աշխարհի ամէն կողմէն հրեաները Լիբստադտի հարցին շուրջ համախմբուեցան: Յայտնի հո- լիւուդցի անձնաւորութիւն մը Լիպստադտի պաշտպան հիմնադրամին $750,000ի վճարագիր ուղարկեց երկտողով մը՝ «եւս, եթէ պէտք ունիք»:
(Ատենին նշեր էի, եթէ հայ մը ինքզինք Լիպստադտի դրութեան մէջ գտնէր, ոեւէ հայ $750,000ի, կամ $75,000ի, կամ $7,500ի, կամ $750ի, կամ, $75ի, կամ $7.50ի վճարագիր պիտի ուղարկէ՞ր: Պատասխանը ո՞վ գիտէ:)
Արդար դատերու իր պայքարին մէջ ՀԱՕԿը միշտ դրամի պէտք ունի, սակայն այս հայցին պաշտպանութէան համար ՀԱՕԿը գումարներ կ՛որոնէ թէ ոչ, գիտեմ որ հայոցմէ պիտի չստանայ զանոնք. բայց պատճառ չկայ որ Ուաշինկթոնի մեր «ջատագովական» խմբակները, օրինակի համար, չմասնակցին «դատարանի բարեկամ»ի ցուցմունքներով: Պատճառ չկայ որ ուրիշ հայկական կազմակերպութիւններ չմասնակցին, նոյնպէս: Պատճառ չկայ որ անհատ հայեր չմասնակցին:
Գիտենք որ երբ հրելը խցկելուն հասնի շրթնածոր քաղաքական գործիչները բան չեն արժեր, թէ ոչ պիտի առաջարկէի որ անոնց դիմուի՝ Լիւիի եւ իր «գիտականութեան» մասին ՀԱՕԿի հաստատումներուն աջակից ալ դեր մը խաղալու:
Մէկը Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց միջազգային ընկերակցութեան յայտարարութեան պատճէնը եւ Անցումային արդարութեան միջազգային կեդրոնի տեղեկագրին պատճէնը պէտք է հասցնէ դատարանին կամ, առ նուազն, ՀԱՕԿին:
Հայերս պէտք չէ ենթադրենք թէ ՀԱՕԿը ունի այն փաստերն ու տեղեկութիւնը որ մենք գիտենք թէ գոյութիւն ունին: Մեր մէջ փաստաբանները պէտք է գիտնան թէ ինչն է անհրաժեշտ եւ թէ ինչպէս այդ «ին»չը կարելի է եւ պէտք է ներկայացնել: Սակայն անհատ հայեր ալ պէտք է ՀԱՕԿին իրենց աջակցութիւնը ցոյց տան:
Իր դատական գործին պարագային Լիւի կը վայելէ Թուրք-ամերիկեան իրաւաբանական պաշտպանութեան հիմնադրամի օժանդակութիւնը, իսկ իր փաստաբանը Բրուս Ֆեյնն է, որ, իր կարգին, լայնօրէն գրած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտելով:
Ի դէպ, կարճ յիշողութիւն ունեցողներուն համար՝ Դէյուիդ Ըրուինգ կորսնցուց իր հայցը եւ դատաւորը թերեւս պատշաճութեան կարգը խախտեց Ըրուինգի մասին շարք մը անվայել բաներ ըսելով:
Թարգմանեց՝
ԵՐՈՒԱՆԴ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ
Ֆիլադելֆիա, ՓԱ