ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ զինուորական դատախազութիւնը որոշած է, թէ «Էրկէնէքոն»ի հարցով ձերբակալուած գնդապետ Լէվէնտ Կէօքթաշի փաստաբանին գրասենեակէն յայտնաբերուած դաւադրական յուշագիրին հարցով հետաքննութիւն չկատարել, որովհետեւ կարելի չէ փաստել, թէ այդ յուշագիրին տակի ստորագրութիւնը գնդապետ Տուրսուն Չիչէքին կը պատկանի, իսկ յուշագիրը, լուսապատճէնով հանուած կրկնօրինակ մը ըլլալով՝ կասկածելի է:
Արդէն իսկ իրաւական մարզի հեղինակութիւններ կը պնդէին, թէ նման հարցաքննութիւն մը պէտք է կատարուի քաղաքային դատախազութեան կողմէ։
Անգլիական «Իքոնոմիսթ» թերթը եւս անդրադաձած է Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ դաւադրութեան մը բացայայտումին՝ գործածելով «Զօրավարներ ու գնդապետներ, որոնք իրենց տեղը չեն կրնար նստիլ» խորագիրը։ Թերթը կը գրէ, որ դժուար է մարդոց սովորութիւնները փոխել, յիշելով, որ Թուրքիոյ մէջ բանակը երեք անգամ տապալած է կառավարութիւնը։
Ըստ թերթին, այս գայթակղալից նոր դաւադրութեան նպատակն էր լրատուական միջոցները գործածել ժողովուրդը Հայաստանի ու Յունաստանի դէմ գրգռելու, ու «Էրկէնէքոն»ի հարցով ամբաստանուած զօրավարները պաշտպանելու նպատակով։
«Ժողովրդավար երկիրներու մէջ զօրավարները հրահանգ կը ստանան վարչապետներէն, ոչ թէ վարչապետները՝ զօրավարներէն», գրած է թերթը։