ՌԻՃՖԻԼՏ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ անդամ Սթիւ Ռաթմըն անցեալ Յունիս 3ին Ներկայացուցիչներու տան մէջ նշած է Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յիսնամեակը՝ այս առիթով յատուկ արձանագրութիւն մը կատարելով Քոնկրէսի արխիւներուն մէջ, ուր շնորհաւորական խօսքերուն կողքին կը նշուի, թէ եկեղեցին կը մնայ Նիւ Ճըրզիի Պըրկըն գաւառի հայութեան «փարոս»ը, իր Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններով, ինչպէս նաեւ զանազան կազմակերպութիւններով:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովնան Պօզոյեան եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անունով ողջունեց Ռաթմընի այս քայլը:
Յայտնենք, թէ Սթիւ Ռաթմըն 1997էն ի վեր կը ներկայացնէ Նիւ Ճըրզիի իններորդ ընտրատարածքը, որուն մէջ կ՛իյնայ Պըրկըն գաւառը: