ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը իր հակաճգնաժամային միջոցառումներուն ծիրէն ներս, 44 միլիոն տոլար վարկ պիտի տրամադրէ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի երեք մեծ ձեռնարկութիւններու՝ «Արմինեըն մոլիբդէն փրոտաքշըն»ին, Զանգեզուրի եւ Ագարակի ընկերութիւններուն:
Սիւնիքի մէջ Յունիս 26ին կայացած ՀՀ կառավարութեան արտագնայ նիստին ընթացքին, Հայաստանի ելեւմուտի նախարար Տիգրան Դաւթեան նշած է, թէ «Արմինեըն մոլիբդէն փրոտաքշըն» եւ Զանգեզուրի պղինձի ընկերութիւններուն պիտի տրամադրուի 15ական միլիոն, իսկ Ագարակի ընկերութեան՝ 14 միլիոն տոլար: Տ. Դաւթեան նշեց, որ որոշումի ընդունման նպատակն է նպաստել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման եւ արտահանման մեծ ներուժ ունեցող ընկերութիւններու գործունէութեան խթանման:
Անդրադառնալով այս որոշումին՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ նշեալները բաւական լուրջ գումարներ են, որոնք պիտի տրամադրուին ռուսական վարկէն: