Կիրակի, 28 Յունիսին, յընթացս Ս. պատարագին, թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Հայրապետական մաղթանք պիտի կատարուի Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման տասնչորրորդ տարեդարձին առթիւ։
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Ս. պատարագին, պիտի կատարէ Հայրապետական մաղթանքը եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Յայտնենք, որ պատարագին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մէրի Եովանովիչ։
Ժողովուրդը հրաւիրուած է խուռներամ ուղղուելու մեր եկեղեցիները եւ աղօթք բարձրացնելու վեհափառ հօր քաջառողջութեան ու արեւշատութեան համար։