ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդը Կիրակի, Յունիս 21ին հրաւիրած էր թեհրանահայ հասարակական, միութենական եւ կրօնական յարանուանութեանց ներկայացուցչական կազմերը ու միաւորները, երկրին վերջին իրադարձութիւններու շրջանակէն ներս՝ համայնքային հարցերու մասին միտքերու փոխանակում կատարելու նպատակով:
Թ. Հ. Թեմական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Աիդա Յովհաննիսեանի խօսքերով, հանդիպման նպատակն էր քննարկել համայնքին առնչուող շարք մը խնդիրներ, որոնք կրնան յառաջանալ երկրին մէջ տեղի ունեցող վերջին օրերու անցուդարձերուն պատճառով: Ան նշած է, թէ հանդիպման ընթացքին եղած են միտքերու փոխանակում, կարգ մը որոշումներու եւ միջոցառումներու որդեգրում, որպէսզի համայնքը խուճապի չմատնուի ու մնայ խաղաղ, նաեւ որպէսզի իրանահայ միութիւններէն ու ազգային կառոյցներէն ներս որեւէ անցանկալի երեւոյթի կամ բարդութեան առիթը չտրուի:
«Միութիւններից իւրաքանչիւրը իր կիրառած միջոցների մասին արտայայտուեց եւ որոշուեց, որ միութիւններն ընդհանրապէս շարունակեն իրենց բնականոն գործունէութիւնը եւ աշխատանքը, ծրագրերի մէջ դադար չառաջանայ, սակայն, միաժամանակ հարկ եղած զգուշացումները կիրառել, որպէսզի անցանկալի երեւոյթների առիթ չտրուի», մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթին յայտնած է խորհուրդի ատենապետ Ա. Յովհաննիսեանը:
Անոր հաստատումով, յատկանշական է այն հանգամանքը, որ տակաւին կարիք չէ զգացուած գործնական քայլերու դիմելու, ի բացառեալ անկէ, որ միութիւնները ընդհանրապէս թոյլ չեն տուած, որ խճողում յառաջանայ միութիւններու դռներուն դիմաց, իսկ անոնց ծրագիրները եղած են պատշաճ: Ըստ ատենապետին, հետագային, եթէ աւելի բարդանան հարցերը, ապա բնականաբար յաւելեալ միջոցներ պիտի կիրառուին՝ ապահովութիւն հաստատելու համար:
Ոչինչ էլ չունէր այդ հանդիպումը։ Հակառակ սպասւածի՝ ոչ մի քաղաքական վերլուծութիւն, ոչ գոյավիճակի քննարում։ Պարզապէս ասելու համար, որ կանք։ Իրականութեան մէջ Թեհրանի ազգային իշխանութեան մէջ չկան այնպիսի մարդիկ՝ որոնք քննարկելու եւ վերլուծելու կարողութիւն ունենան։ Այսպիսով համայնքը մատնւում է լուրջ վտանգի։ Կացութիւնը ազգային իշխանութիւնների մօտ այնքան ողբալի է, որ եթէ չմիվամտեն Կաթողիկոսութիւնները, եւ մատների առանքով չնայեն կուսակցութիւնները, չգիտեմ ինչ է լինելու այս խեղճ ժողովրդի վիճակը։