Մեր մազերը մեր գեղեցկութենէն կարեւոր մէկ բաժին մը գրաւած են: Մազին յարմար ձեւ ընտրելը տուեալ ենթակային կու տայ աւելի սիրուն եւ բնական վիճակ: Որոշ մազի ձեւեր կարծէք յատուկ ստեղծուած կ՛ըլլան որոշ դէմքերու համար:
Այս գրութեամբ կը ներկայացնենք մազի հինգ կարեւոր ձեւեր, որոնք բնորոշ են յատուկ դէմքերու համար:
Առաջին պատկերը լաւագոյն մազի ձեւը կը համարուի սրտաձեւ կամ հաւկթաձեւ դէմքերուն համար: Այս ձեւը նաեւ կը վայելէ քառակուսի դէմքերուն, եթէ անկիւնները քիչ մը աւելի կլոր ըլլան:
Կլոր դէմք ունեցողները պէտք է խուսափին իրենց կզակի մակարդակէն աւելի կարճ մազի ձեւերէն, որովհետեւ այդ մէկը աւելիով կը շեշտէ դէմքին կլորութիւնը: Եթէ լայն ճակատ ունիք, թելադրելի է ճակատին վրայ թեթեւ մազի փունջ մը (bang) դնել: Եթէ ձեր մազերը շիտակ են կամ թեթեւ ալիքոտ, ապա կրնաք կարճ մազի ձեւեր ընտրել, բայց եթէ անոնք գանգուր են, խուսափեցէք կարճ ձեւերէ:
Երկրորդ պատկերին մէջ կը տեսնէք սրտաձեւ դէմք մը եւ բաւական ցայտուն անկիւններ: Հետեւաբար, այս մազին ձեւը՝ յարկ-յարկ եւ ճակատը թեթեւ ծածկուած, լաւագոյնս յարմարծ է այս դէմքին:
Այն դէմքերը, որոնք հաւկթաձեւ են, կրնան իրարու մօտ յարկերով մազի ձեւ որդեգրել: Օրինակ՝ աչքերուն մօտ, այտոսկրին վրայ եւ կզակին վրայ: Իսկ կլոր դէմքերը պէտք է աւելի երկար յարկերով մազի ձեւեր զատեն:
Երրորդ պատկերով կը տեսնենք կարճ մազերու ձեւ մը, որ լաւագոյնս կը յարմարի քիչ մը ցայտուն դէմքի գիծեր ունեցողներուն: Անիկա աւելիով կը շեշտէ ենթակային կանացիութիւնը: Սրտաձեւ դէմքերը պէտք է դիմեն այս ձեւին, որպէսզի աչքերն ու այտոսկրները աւելիով յայտնաբերուին:
Եթէ բարակ թելերով մազ ունիք, կարճ ձեւը կրնայ նպաստել անոր ծայրերը քիչ մը աւելի հաստ երեւցնելու: Այս մէկը բաւականաչափ կրնայ բարելաւել ձեր մազին կացութիւնը:
Չորրորդ պատկերը կը ներկայացնէ կլոր դէմք մը երկար յարկեր ունեցող մազով, որ բնական հանգստութիւն կը պարգեւէ այս ձեւ դէմքին:
Հինգերորդ պատկերը կը ներկայացնէ երկար դէմքերու յարմար լաւագոյն մազի ձեւը:
Եթէ ձեր մազերը հաստ թելեր ունին, ապա այս ձեւը լաւագոյնս կը ծառայէ ձեզի: Գանգուր մազեր ունեցողները այս պարագային, կրնան իրենց վարսավիրի կարծիքին ապաւինիլ, նախքան այս ձեւը ընտրելը: