Նախորդ թիւով ներկայացուցինք կարգ մը ուտելիքներ, որոնք կարգ մը անհանգստութիւններ կանխարգիլելու եւ մեզի աւելի առողջ վիճակի մէջ պահելու հնարաւորութիւնը ունին:
Ինչպէս յիշած էինք, լաւ եւ սննդարար ուտելիքը մեր առողջութեան նպաստող լաւագոյն միջոցն է: Իւրաքանչիւր պատառ, որ մեր բերանը կը դնենք, մեզի կը պարգեւէ լաւ կամ վատ իրավիճակ: Բոլորս ալ գիտենք, թէ մեր ուրախ ըլլալն անգամ կախեալ է մեր առողջութենէն: Երբ լաւ կ՛ուտենք, առողջ կ՛ապրինք, հետեւաբար, ուրախ կ՛ըլլանք:
Այս շաբթուան թիւով կը շարունակենք կարգ մը սննդարար ուտելիքներու մասին գրել: Կիրառեցէք զանոնք եւ ձեր առողջութիւնը ու հետեւաբար երջանկութիւնը թող բազմապատկուի:
1- Լուծ diarrhea ունեցողները կրնան խնձոր ուտել: Անշուշտ խնձորը պէտք է ուտել կեղեւով: Այս պարագային, պանանը եւս կը նպաստէ փորհարութիւնը կասեցնելու:
2- Խցուած երակներ ունեցողներուն կը թելադրուի ավոգատօ ուտել: Ավոգատոյին պարունակած իւղը կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի քանակը:
3- Արեան գերճնշում (high blood pressure) ունենալու պարագային, պէտք է ուտել առատ կարոս (celery) եւ անշուշտ պէտք է ձիթաիւղ սպառել սննդականոնին մէջ:
4- Արեան մէջ շաքարի քանակի խախտումին պարագային, պէտք է ուտել պրգուկ (broccoli) եւ նաեւ պիստակ (peanut). Քրոմիում նիւթը, որ կը գտնուի պրգուկին եւ պիստակին մէջ, կրնայ հաւասարակշռել արեան մէջ շաքարին քանակը:
5- Պտուղներ. հարկ է անդրադառնալ իւրաքանչիւր պտուղի՝ առանձնաբար:
ա) Քիուի: Այս պտուղը թէեւ պզտիկ է իր չափով, սակայն մեծ է իր սնունդով: Առաջին հերթին, ան հարուստ է փոթասիումով եւ մակնիզիումով: Ան նաեւ ունի E կենսանիւթը, ինչպէս նաեւ հարուստ է C կենսանիւթով: Մօտաւորապէս նարինջին մը պարունակուած C կենսանիւթին կրկին չափը քիուին կը պարունակէ իր մէջը:
բ) Խնձոր: Թէեւ խնձորը քիուիին նման հարուստ չէ C կենսանիւթով, սակայն ան հարուստ է antioxidant-ներով եւ առաւել յատուկ նիւթով մը (flavonoid), որոնք հիմնականօրէն կ՛ամրապնդեն C կենսանիւթին գոյութիւնը բջիջներուն մէջ: Այսպիսով, ան կը նուազեցնէ քոլոնի քաղցկեղի հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ սրտի անհանգստութիւնները եւ կաթուածը:
գ) Ելակ: Այս պտուղը ամէնէն բարձր քանակով antioxidant կը պարունակէ իր մէջ: Ան կը պաշտպանէ մարմինը հիմնականօրէն քաղցկեղի ու արեան խցանումներու պատճառ հանդիսացող free radical-ներուն դէմ: Իրականութեան մէջ այս պտղատեսակներէն (berries) որեւէ մէկ տեսակը նաեւ շատ օգտակար է մարմինը ազատելու համար ազատ «ռատիգըլ»ներէն (free radicals).
դ) Կուավա եւ բաբայա: Այս պտուղները կրկին հարուստ են C կենսանիւթով: Կուավան նաեւ հարուստ է իր մէջ պարունակած բնաթէլով: Այս մէկը կը ծառայէ նաեւ պնդութիւն ունեցողներուն: Իսկ բաբայան շատ հարուստ է գարոթինով, որ շատ կը նպաստէ աչքերու առողջութեան:
Ե) Լոլիկ: Յատկապէս այր մարդոց համար, այս պտուղը ծանօթ է իբրեւ կանխարգիլող փրոսթաթի խնդիրներուն: Ան թոյլ պիտի չտայ, որ այս հիւանդութիւնը բոյն դնէ ենթակային մարմինէն ներս:
զ) Նարինջ: Ամէնէն քաղցր դեղը կը համարուի նարինջը: Օրական 2-4 հատ նարինջ ուտողը հեռու է քոլեսթերոլէն եւ պաղառնութենէ: Ան նաեւ կը կանխարգիլէ կամ նոյնիսկ կրնայ հալեցնել երիկամունքներու մէջ կուտակուած քարերը: Այս բոլորին հետ միասին կը նուազեցնէ քոլոնի քաղցկեղի կարելիութիւնը:
է) Ձմերուկ: Ամէնէն հաճելի ծարաւ հագեցնողը: Ձմերուկին 92 տոկոսը կը բաղկանայ ջուրէ, միաժամանակ մարմինին դիմադրողական համակարգը զարգացնելու կը ծառայէ: Ձմերուկին մէջ մեծ քանակութեամբ կը գտնուի նիւթ մը, որ ինքնին քաղցկեղի դէմ պայքարելու հսկայական հնարաւորութիւններ ունի: Ձմերուկը հարուստ է նաեւ C կենսանիւթով: Ան նաեւ ունի բնական SPF ու այդ պատճառով, առողջ եւ արեւու վնասակար ճառագայթներու ազդեցութենէն զուրկ կը պահէ մեր մորթը:
Կը մաղթենք ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն առողջ եւ ուրախ կեանք ու գեղեցիկ օրեր: