ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայքի միակ հայկական ազգային վարժարանի՝ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական»ի տարեվերջի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 20 Յունիս 2009ին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան կը նախագահէր Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան: Նաեւ ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Վարանդ Գասպարեանը, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Զարեհ Սամուրգաշեանը, «Բագին» ամսագրի երկարամեայ խմբագիր, վաստակաշատ մտաւորական Պօղոս Սնապեանը, ՀՕՄի, «Համազգային»ի, ՀՄԸՄի ու գաղութի մէջ գործող պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու 350ի շուրջ ծնողներ, հարազատներ ու բարեկամներ, որոնք եկած էին ականատես հանդիսանալու ու քաջալերելու 13 նոր շրջանաւարտները, որոնք պիտի ստանային իրենց երկար տարիներու աշխատանքին վարձատրութիւնը հանդիսացող վկայականները:
Ձեռնարկը սկսաւ ամերիկեան, հայկական ու ԳԶՎի քայլերգներու կատարումով, ապա Պ. Սեւակի «Մենք Քիչ Ենք Բայց Հայ Ենք» արտասանութեամբ սրահէն ներս հանդիսաւոր մուտք գործեցին 8րդ կարգի շրջանաւարտ 13 աշակերտները: Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի աղօթքէն ետք, բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց ու յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց 7րդ կարգի աշակերտուհիներէն Ճիւլի Աւետիսեանը:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանը, որ կուռ ճառով մը յորդորեց շրջանաւարտները՝ ըսելով. «Սիրելի աշակերտներ, այս բեմէն շատ խրատներ տրուեցան ձեզի. այդ խրատները թող ձեզ գօտեպնդեն, զօրացնեն, որովհետեւ դուք տակաւին պատանիներ էք ու երիտասարդութեան սեմին էք: Այս մարդիկը, որ ձեզի խօսեցան, իբրեւ ծնողք խօսեցան, իբրեւ ուսուցիչ խօսեցան. խօսեցան, որովհետեւ ձեզ այնքա՛ն կը սիրեն, որ կ՛ուզեն դուք յաջողութենէ յաջողութիւն բարձրանաք»:
Ապա, մասնաւորաբար կեդրոնանալով հաւատքի, հայութեան ու հայ լեզուին վրայ՝ ան շարունակեց. «Դուք վաղը պիտի երթաք տարբեր դպրոցներ ու տարբեր շրջանակներ, եւ ձեր դիմաց շատ դժուարութիւններ պիտի յայտնուին, ձեր դիմաց պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ու հայութիւնը պիտի խախտեն. դուք հայերէն լեզուով պիտի պայքարիք անոնց դէմ, յոյսով պիտի պայքարիք, հաւատքով ու ուսումով, զորս ստացաք այս դպրոցին մէջ: Այլ խօսքով, սիրելի շրջանաւարտներ, ձեր կեանքը պայքար պիտի ըլլայ այս պահէն մինչեւ ձեր կեանքին վերջը, պայքար, որպէսզի ձեր հաւատքը պահէք, ձեր հայութիւնը պահէք, ձեր հայրենիքը պահէք, ձեր լեզուն պահէք, ձեր դպրոցը պահէք. հայութիւնը ձեր ուսերուն վրայ պատուով բարձրացուցէք, ինչպէս որ հայոց հաւատքը կը բարձրացնէք, ինչպէս որ հայոց ոսկեղնիկ լեզուն կը բարձրացնէք. ո՛ւր ալ երթաք, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանը մի՛ մոռնաք»:
Շնորհաւորական ու գնահատական խօսքերով ելոյթ ունեցան ԳԶՎի Կրթական մարմնի ատենապետ Արմէն Սեդրակեանը, դոկտ. Ճորճ Լէյլէկեանը եւ Ռենիա Բուդաղեանը. ուղերձներ կարդացին աշակերտներ Ռայսա Գալուստեան, Արմէն Սամուրգաշեան եւ Ռոզի Արիստակէսեան: Նաեւ գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններու, միութիւններու ու անհատներու կողմէ գնահատագիրներ ու գնահատական նուէրներ տրուեցան յառաջադէմ աշակերտներու:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի աղօթքով ու «Պահպանի»չով:
Երեկոն շարունակուեցաւ ծնողներու կողմէ կազմակերպուած կոչունքով մը, մինչեւ ուշ գիշեր, հաճոյքի ու վայելքի բարձր տրամադրութիւններ ստեղծելով շրջանաւարտներուն եւ հարազատներուն մօտ: