Միջին Արեւելքի ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդի երիտասարդական տարեկան երրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Յունիսին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարկին տակ, հովանաւորութեամբ խորհուրդի անդամ եկեղեցիներու թեմակալ առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Եուճին արք. Քափլանի եւ Սրապիոն եպիսկոպոսին, մասնակցութեամբ եկեղեցիներու երիտասարդական միութիւններէն ներկայացուցիչներու։
Յիշեալ եկեղեցիները Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ սերտօրէն կը գործակցին առաջնորդներու, երիտասարդական միութեանց, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ այլ մակարդակներու վրայ՝ կազմակերպելով միացեալ արարողութիւններ, ժողովներ, համագումարներ ու դաստիարակչական հանդիպումներ։ Շաբաթ օրուան համագումարը հիմնականին մէջ նուիրուած էր երիտասարդութեան դիմագրաւած տագնապներուն ու անոնց լուծման միջոցներուն։
Համագումարը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, զոր առաջնորդեցին առաջնորդ սրբազանները, մասնակցութեամբ երիտասարդական միութիւններէ անդամներու։ Քարոզեց Յովնան արք. Տէրտէրեան։ Այնուհետեւ, մասնակիցները համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր ողջոյնի խօսք արտասանեց Ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդական խորհուրդի ատենապետուհի Սոֆիա Ալլաֆ։ Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Եուճին արք. Քափլան ուղղեց օրհնութեան խօսք. նաեւ պատգամ մը ուղղեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ կանգ առաւ 21րդ դարու պայմաններուն մէջ՝ երիտասարդներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, ապա խօսեցաւ զանոնք յաղթահարելու եւ շրջանցելու միջոցներուն մասին։
Ճաշի դադարէն առաջ, երիտասարդներուն համար կիրարկուեցաւ փոխադարձ ծանօթացման դաստիարակչական հաւաք մը: Ներկաներէն իւրաքանչիւրը արտայայտուեցաւ սուրբ գրային տիպարի մը մասին՝ վեր առնելով անոր յարակցութիւնը մեր օրուան հարցերուն։
Ճաշէն ետք, երիտասարդները բաժնուեցան չորս խումբերու եւ ունեցան խորհրդածութիւններ՝ մեկնելով «Ես, անձս եւ Քրիստոս» բնաբանէն։ Անոնք տեսակէտներ փոխանակեցին 21րդ դարուն մէջ անանձնական ըլլալու եւ Քրիստոսի հետ կապը ամրապնդելու միջոցներուն մասին։ Խմբակներէն մէկը վարեց Ազգ. առաջնորդարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը։ Ապա խմբակները իրենց եզրակացութիւնները բաժնեցին իրարու հետ։