Ուրբաթ, Յունիս 26, 2009ին կէսօրէ ետք վարժարանիս մեծ ընտանիքը անգամ մը եւս հաւաքուեցաւ «Կարապետեան» սրահէն ներս՝ վերջին հրաժեշտը տալու մեր սիրելի տնօրէնին՝ դոկտ. Եագուպեանին:
Աւանդական երեւոյթ դարձած է վարժարանէս ներս ամէն տարեվերջին յատուկ խրախճանքով մը տօնել ուսումնական տարուան յաջողութիւնները եւ անոր բարի աւարտը: Այս տարի սակայն այդ ուսումնական տարեշրջանի աւարտը պէտք է ըլլար նաեւ մեր սիրելի տնօրէնին բարի երթ մաղթելու օրը:
Բոլորս յուզուած էինք եւ ամէն տարուան խանդավառութիւնը չէր տեսնուէր ներկաներուն դէմքին վրայ: Կարօտի ու բաժանումի արդար ու յուզումնալից պահերը պարուրած էին մեր հոգիները եւ խոնաւ ու մտածկոտ հայեացքները ուղղուած էին դէպի դոկտ. Եագուպեանին:
Վարժարանիս Հայերէնի բաժանմունքի ուսուցչուհիներէն Ծովինար Մելքոնեան ուսուցչակազմին անունով շատ գեղեցիկ սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ եւ բարձրօրէն դրուատեց տնօրէնին երկարամեայ վաստակը ու բեղուն գործունէութիւնը: Լեզուական բացառիկ կարողականութեամբ եւ հարազատ ապրումներով ու զեղուն զգացականութեամբ վեր առաւ «Մեծատառ» մարդուն արժանիքները, համեստութիւնը, խիզախութիւնը եւ համբերատար ղեկավարութիւնը: Ցնծութեան եւ Մեծարանքի օր մը յայտարարեց տիկին Մելքոնեան այս օրը, երբ առիթը պիտի ունենանք մեր սրտի խօսքերով եւ հարազատ ապրումներով բարի երթ մաղթելու դոկտ. Եագուպեանին:
Ապա վարժարանէն ներս ուսուցչական ամէնէն երկար վաստակ ունեցող ուսուցչուհիներէն եւ Անգլերէն բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Յասմիկ Թաշճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ անգլերէն լեզուով: Դոկտ. Թաշճեան նախ յիշեց ու բարձր գնահատեց դոկտ. Վիգէնին մէջ շատ մեծ տեղ գրաւած «մարդ Վիգէնը», որ անվարան ներկայ գտնուած է ամէնէն ծանր պայմաններուն իր մարդկային դժուար պարտականութիւնները սիրով կատարելու համար: Յարգանքով դրուատեց անոր կատարած հսկայ աշխատանքները եւ վարժարանը վերելքի հասցնելու իր երկարաշունչ պայքարը: Նաեւ յիշեց իր բարի գալուստի խօսքը, որ նոյն բեմէն արտասանած է 16 տարիներ առաջ, զինք ողջունելու համար, իբրեւ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս»ի տնօրէն, իսկ այսօր նոյն բեմէն բարի երթ պիտի մաղթէ իր շատ սիրելի տնօրէն դոկտ. Եագուպեանին: Ապա դոկտ. Թաշճեան եւ տիկին Ծովինարը «Փիլիպոս»ի ընտանիքին կողմէ նուէր մը եւ յուշատախտակ մը նուիրեցին դոկտ. Եագուպեանին՝ առ ի գնահատանք երկար տարիներու իրագործած իր մարդանուէր եւ ազգանուէր գործունէութեան համար:
Բեմ բարձրացաւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի «Մարի Փոստոյեան» Մանկամսուրի վարիչ Թագուհի Սայաթճեանը՝ այս առթիւ իր սրտի խօսքը ուղղելու համար դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին: Ան յայտնեց, թէ մեծապէս կը գնահատէ դոկտ. Եագուպեանին աշխատանքը «Փիլիպոս»ը վերելքի հասցնելուն համար: Նաեւ ըսաւ. «Մեր ազգային պատմութեան մէջ տնօրէնները իրենց անուններով ընձիւղուած են այդ հաստատութիւններուն, ինչպէս Պէյրութի Ճեմարանը՝ Տասնապետեանով, կամ Խանամիրեանը՝ Էլոյեանով, իսկ այժմ կը տեսնենք Փիլիպոսը միաձուլուած է Եագուպեանով»:
Ապա բեմ բարձրացաւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան: Ան իր հայրական օրհնութեամբ եւ սրտի խօսքով բոլորիս հոգիները լեցուց, խանդավառեց ու քաջալերեց շարունակելու համար սուրբ գործը, զոր սկսած ենք Ազգային վարժարանէն ներս ծառայելով եւ միշտ պիտի շարունակենք ծառայել եւ գործել յանուն մեր վարժարանի վերելքին: Ան երկար տարիներու իրենց մտերմութիւնը, սերտ գործակցութիւնը եւ հարազատ եւ անկաշկանդ կապը յայտնեց, որ ինքնին մեծ գրաւական մըն է յաջողութեան: Տէր Վիգէնը շեշտեց. «Դոկտ. Եագուպեանը մեր սրտերուն մէջ է, զինք շատ կը սիրենք եւ կը յարգենք իր տարիներու երկար աշխատանքը եւ վաստակը, սակայն մեր վարժարանը՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, շատ աւելի կը սիրենք եւ շատ աւելի բարձր կը դասենք զայն, քան ոեւէ անձ»: Ան աւելցուց նաեւ, թէ նոյն խանդավառութեամբ եւ օժանդակ ձեռքով ու սիրող սրտով պիտի աշխատինք նոր տնօրէնին հետ, որպէսզի դպրոցը ամուր մնայ, եւ անխախտ ու կայուն դէպի վեր խոյանայ Հայ ազգային վարժարանը»:
Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան մեծարեալը՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը, որ արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքի եւ յոտնկայս ծափողջիւններուն: Ան յայտնեց իր յուզումը եւ ուրախութիւնը այս գեղեցիկ ողջերթին, ինչպէս նաեւ ներկաներուն ազնիւ ու հարազատ զգացումներուն համար: Դրուատեց Ազգային վարժարանը եւ բոլոր համեստ ծառաները այս հաստատութեան: Գնահատեց բոլորին կեցուածքը եւ նաեւ բարձրօրէն մեծարեց իւրաքանչիւր ուսուցիչի եւ պաշտօնեայի ներդրումը այս աշխատանքին համար: Ան համեստօրէն ըսաւ. «Դուք էք խոնարհ հերոսները այս աշխատանքին, այսօրուան իմ արժանացած այս պատիւին մեծ մասը կը պարտիմ ձեզի: Առանց ձեր աջակցութեան եւ հաւատարիմ աշխատանքին, ես չէի կրնար ըլլալ ինչ որ եմ այսօր եւ որուն համար կը պատուըւիմ այս բեմէն»: Ան աւելցուց. «Ոեւէ տնօրէն պատիւը պիտի զգայ եւ բախտաւորութիւնը նման հրաշալի ուսուցչակազմի եւ անձնակազմի հետ գործելու, որուն հետ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ աշխատեցայ 16 տարիներ շարունակ»: Պրն. տնօրէնը իր սրտին փափաքը եւ խոստումը հետեւեալ տողերուն մէջ խտացուց. «Կը մաղթեմ եւ կը փափաքիմ, որ նոյն եռանդով եւ հաւատքով գործակցիք նոր տնօրէնին հետ եւ ես ձեր հետ պիտի ըլլամ միշտ, երբ կարիքը զգացուի իմ ներդրումիս միշտ պատրատ եմ իմ օգնութեան ձեռքը երկարելու շա՜տ սիրելի «Փիլիպոս»ին՝ մեր վարժարանին»:
Վստահ եղէք պարոն տնօրէն, որ վարժարանի անձնակազմը բարձր գիտակցութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի շարունակէ «Փիլիպոս»ին երթը եւ նորանոր յաջողութիւններ պիտի ունենայ Հայ Ազգային վարժարանը՝ Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոսը: