ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ազգային հիմնախնդիրներու լուծման նպաստելու համար, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան հարցերով զբաղող հայկական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան աջակցելու նպատակով, Օգոստոս 10-15ին, Երեւանի մէջ պիտի իրականանայ Համահայկական երիտասարդական 7րդ համաժողովը, որ կը կազմակերպուի «Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոն» հիմնադրամին կողմէ։ Համաժողովը պիտի իրականանայ «Համագործակցութիւն» խորագիրին տակ: Մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան մանրամասնօրէն ծանօթանալու համաժողովին մասնակից կազմակերպութիւններուն եւ համայնքներուն գործունէութեան, ինչպէս նաեւ պիտի փորձեն գտնել համագործակցութեան եզրեր:
Պիտի կազմակերպուին նաեւ հանդիպումներ եւ քննարկումներ Հայաստանի պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներու հետ՝ Ծաղկաձորի եւ Երեւանի մէջ: