ՀՕՄի Քրեսէնթա հովիտի «Թալին» մասնաճիւղի հովանաւորած շաբաթօրեայ վարժարանի 2008-2009 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Յունիս, 2009ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:30ին, «Շամլեան» Ազգ. վարժարանի սրահին մէջ: ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութենէն Ալին Հապէշեանի, Աննա Պօղոսեանի եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի յանձնախումբի պատասխանատու ներկայացուցիչ Մարինա Տէր Սարգիսեանի կողքին, արդէն ժամանակէն առաջ իրենց տեղերը գրաւած էին վարժարանի աշակերտութեան ծնողները, անոնց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, բարեկամները ու դպրոցի յանձնախումբի անդամները:
Այս մարդաշատ ներկայութիւնը արդէն իսկ ինքնին մեծ փաստն է վարժարանի հանդէպ ծնողներու վստահութեան եւ հաւատքին:
Հանդէսին բացումը կատարեց վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեան, որ նախ իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց ծնողներուն: Մեծապէս գնահատեց անոնց շաբաթօրեայ վարժարանին հանդէպ ունեցած հաւատքն ու ցուցաբերած յարգանքը, եւ մանաւանդ անոնց նիւթաբարոյական քաջալերանքն ու անսակարկ զոհաբերութիւնը: Ապա շնորհակալութեան խօսքերով արտայայտուեցաւ իր ուսուցչական կազմի անդամուհիներուն նկատմամբ՝ Մարի Թիւթելեանի, Մարի Գույումճեանի, Լիզա Պետիկեանի, Վարթիթեռ Տօրնեանի, Մայտա Գոճանեանի եւ երգի ուսուցչուհի Նոյեմի Լոխմանեանի, անոնց սրբազան առաքելութեան համար, յատկապէս այս ափերուն ծիլ արձակող հայ մանուկներուն ջամբելով մայրենի լեզու, գիր եւ գրականութիւն, պատմութիւն ու մշակոյթ եւ փոխանցելով ազգային աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: Անոնք ամբողջ տարի մը տնօրէնին կողքին աշխատեցան յատուկ բծախնդրութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ գուրգուրանքով:
Տնօրէնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարժարանի այս տարուան ուսուցչական կազմի օգանական երիտասարդներուն՝ Այտա Պապայեանին, Սօսի Պէքէրեանի, Շանթ Սերայտարեանին եւ Փալիկ Գոճանեանին, որոնք սիրայօժար կերպով ամէն Շաբաթ առաւօտ իրենց օժանդակութիւնը կը բերէին վարժարանի զանազան կարիքներուն:
«Այս տարեշրջանին եւս, դպրոց եւ տուն միատեղ եւ համագործ ճիգերով, կարելի եղաւ հասնիլ մեր նպատակին: Շնորհիւ մեր ուսուցչուհիներուն ջանքերուն, ուսուցիչ-ծնողք սերտ ու հետեւողական կապին ու աշխատանքին, մեր աշակերտները դարձեալ յաջող տարի մը բոլորեցինք», նշեց տնօրէնը:
Տնօրէն Պետիկեան կատարուած աշխատանքին իր գնահատանքին կողքին, կարեւորութեամբ ընդգծեց վարժարանը հովանաւորող ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անդամուհիներուն համագործ ոգին եւ անոնց նուիրուած աշխատանքը, ու կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի յանձնախումբի անդամուհիներուն՝ Մարինա Տէր Սարգիսեանին եւ բոլոր ՀՕՄուհիներուն, որոնք խոր գիտակցութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով օժանդակած ու փոյթով հասած էին վարժարանի բոլոր կարիքներուն, ու այս ձեւով բարգաւաճ պահած զայն:
Տնօրէնը յայտնեց նաեւ, թէ այս տարեշրջանին վարժարանը ունեցաւ 4 շրջանաւարտներ, որոնք յայտագրի աւարտին պիտի ստանան իրենց վկայագիրները: Ապա, ան կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին կրկին անգամ իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը:
Բացման խօսքէն ետք վարժարանի բոլոր աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, դասարանային շարքով բեմ բարձրանալով՝ կատարեցին իրենց վստահուած յայտագիրը, որ աւելի քան մէկ ժամ անսահման ուրախութեան եւ բերկրանքի պահեր պարգեւեց բոլորին:
Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտութեան Տէրունական աղօթքի, «Մեր Հայրենիք»ի եւ աշակերտական քայլերգներու երգեցողութեամբ՝ ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ վարժարանի երգի ուսուցչուհիին: Տեղին է, յիշել թէ աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով կ՛երգէին «Սիրուն Վարժարան» վարժարանի քայլերգը, որուն հեղինակն էր տնօրէն Գէորգ Պետիկեանը, իսկ երաժշտութիւնը՝ ծանօթ երաժշտագէտ Արմէն Մանդակունեանի յօրինումով:
Ասոր յաջորդեց ծրագրուած յայտագիրը: Այսպէս, բոլոր աշակերտները, փոքրերէն մինչեւ մեծահասակները, իրենց դասարաններու կարգով կատարեցին խմբային թէ առանձին զանազան արտասանութիւններ եւ մանկական եւ ազգայնաշունչ երգեր: Հետաքրքրական էր տեսնել ներկաներու եւ յատկապէս ծնողներու արտայայտութիւններն ու ուրախութեան բացագանչութիւնները:
Աշակերտները, յատկապէս մանուկները, շատ հետաքրքրական ու գրաւիչ կերպով, իրենց անմեղութեան կողքին ներկայացուցին իրենց սորված աշակերտական, դպրոցական եւ հայրենասիրական արտասանութիւններն ու մեծ խանդավառութեամբ երգեցին ազգային ու հայրենասիրական երգեր, անսովոր ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառելով սրահի բոլոր ներկաներուն եւ յատկապէս մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն:
Հայկական տարազով Սարին Ինճէյեան հրամցուց հայկական գեղեցիկ մենապար մը: Իր կարգին, Ամանտա Պօզիկեան մեքսիքական իր տարազով պարեց սպանական պար մը, որուն յաջորդեց Քրիստին Մաթոսեանը՝ պալէով մը:
Միջոցին Մարիամ Կէօքշէնեան դաշնակի վրայ հրամցուց հայկական եղանակներ, իսկ Փաթիլ Յակոբեան թրօմփէթով ընկերացաւ դաշնակի «Զէյթունցիներ» եղանակին:
Բարձրագոյն կարգի աշակերտները հրամցուցին տնօրէն-ուսուցիչ Գէորգ Պետիկեանի հեղինակած ու պատրաստած «Հայերէն քերականութեան դասը» խորագիրով աշակերտական ներկայացում մը, ուր մէկ առ մէկ մեկնաբանուեցան այս տարուան ընթացքին աշակերտներուն սորված հայերէն քերականութեան դասերը:
Այս կարճ, սակայն իմաստալից աշակերտական թատերախաղը մեծ խանդավառութեամբ ու ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ աշակերտներուն կողմէ:
Իր կարգին, այս տարուան շրջանաւարտ 4 աշակերտներուն անունով ողջերթի իր խօսքը ըսաւ Նայիրի Սըվաճեանը: Ան յատուկ կերպով գնահատեց, նաեւ յայտնեց իր ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը անձնուէր ուսուցչական կազմին եւ յատկապէս ուսուցիչն-տնօրէն Գէորգ Պետիկեանին, որոնք ոչինչ կը խնայեն վարժարանի բարգաւաճման եւ հայու ոգի եւ ուսում ջամբելու համար:
Յայտագրի աւարտին, ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Ալին Պօղոսեանը, որ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանի ուսուցչական կազմն ու յատկապէս տնօրէն Գէորգ Պետիկեանի աշխատանքն ու ճիգերը, միաժամանակ շեշտելով ՀՕՄի սրբազան պարտականութիւններէն մէկուն՝ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ, յատուկ տարուած աշխատանքներն ու զոհողութիւնները: Ապա երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն՝ այս վարժարանը բարգաւաճ դարձնելու անոնց ներդրումին, օժանդակութեան եւ վստահութեան համար:
Ապա տնօրէնը, ՀՕՄի պատասխանատու ընկերուհիին հետ յանձնեց աշակերտներ Նայիրի Սըվաճեանին, Սեւակ Պոսնոյեանին, Յովիկ Գայիճեանին եւ Մարիա Պօյաճեանին վկայագիրները:
Խանդավառ, ուրախ եւ հայկական մշակութային հարուստ մթնոլորտով լեցուն յայտագիրի պաշտօնական բաժնին աւարտին, ծնողները անձամբ մեծապէս գնահատեցին տարեկան այս ելոյթը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւն:
Թղթակցութիւնը՝
ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղի
Շաբաթօրեայ Յանձնախումբին Կողմէ