Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Նախքան այս նիւթին անդրադառնալը, կ՛ուզեմ յստակացնել հետեւեալ կէտը.
Բժշկականօրէն խլութիւն կը նշանակէ՝ լսողութեան ամբողջական կորուստ։ Ենթական բնաւ չի լսեր եւ կ՛ապրի խզուած արտաքին ձայներէ, այսինքն, ան կ՛ապրի մնայուն խաղաղութեան մէջ։ Սակայն այս երեւոյթը շատ հազուադէպ է. ընդհանրապէս, ինչ որ կը տեսնենք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ բառացիօրէն լսողութեան մասնակի կորուստն է։ Ես այս յօդուածին մէջ խլութիւն բառը պիտի գործածեմ լսողութեան մասնակի կորուստ իմաստով։
Տարեցախլութիւնը տարեցներու մօտ պատահած լսողութեան մասնակի կորուստն է։ Ան ընդհանրացած երեւոյթ մըն է, որ կը պատահի տարիքի բերումով բոլոր մարդոց մօտ, առանց խտրութեան, հարուստին եւ աղքատին, սեւամորթին եւ ճերմակամորթին, տղամարդոց եւ կիներուն։ Համայն մարդկութեան 33%ը՝ 55 տարեկանէն ետք, եւ 50%ը՝ 75 տարեկանէն ետք կ՛ունենան տարեցախլութիւն, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը չեն ընդունիր, թէ իրենք լսողական հարց մը ունին եւ կամ կը ձեւացնեն, թէ բաւարար լսողութիւն ունին։
Բոլորս տարեցութեան պատճառով կ՛ունենանք մարմնական, ֆիզիքական, օրկանական կարողականութիւններու դանդաղացում, տկարութիւն եւ մաշում։ Այս ընդհանուր մաշումին մաս կը կազմեն նաեւ ականջը եւ լսողութիւնը։
Մեր բնական լսողութիւնը հետեւանքն է ականջի ամբողջական առողջ գործելակերպին: Ականջի արտաքին, միջին եւ ներքին բաժինները առանձնաբար իրենց դերակատարութիւնը ունին բնական լսողութեան գոծընթացին մէջ։ Բնական պայմաններու մէջ, մեր շուջը գտնուող ձայները կ՛ուղղուին դէպի արտաքին եւ միջին ականջ եւ ապա դէպի ներքին ականջ, ուր լսողական ջիղի սկզբնական մազմզուկները կը ստանձնեն այս ձայները եւ կը փոխանցեն զանոնք լսողական ջիղին, որ իր կարգին կը հաղորդէ զանոնք ուղեղին։
Տարեցախլութիւնը ծերութեան եւ կամ տարեցութեան մէկ արտայայտութիւնն է։ Ան կը յայտնուի երկու հիմնական ձեւերով՝
1. Ականջի ներքին բաժինը կը հիւծի, կը ծերանայ, հետեւաբար բնական ձեւով ձայներու ընկալում ու հաղորդում դէպի ուղեղ տեղի չունենար.
2. Ենթական կ՛ունենայ ընդհանուր ուղեղային որոշ տկարութիւն կամ դանդաղանք, մասնաւորապէս՝ հասկացողութեան տկարացում, կեդրոնացումի եւ ուշադրութեան նուազում, միտքի դանդաղ գործելակերպ եւ ներքին ականջէն անոր փոխանցուած ձայներու տկար ընկալում.
Այս բոլորին հետեւանքով կը յառաջանայ լսողական մասնակի կորուստ, որ կը կոչուի տարեցախլութիւն եւ որ կը պատահի ընդհանրապէս 60-65 տարիքէն ետք:
Տարեցախլութիւնը շատ երկարատեւ գործընթաց մըն է. ան կ՛երկարի տարիներու վրայ. անակնկալ պատահար մը չէ ան։ Տարեցախլութիւնը կը յառաջանայ ընդհանրապէս դանդաղ ընթացքով եւ կը դառնայ ենթակային մնայուն ընկերը, ամբողջ կեանքին տեւողութեան։
Տարեցներ իրենց տարեցախլութեան կ՛անդրադառնան զանազան ձեւերով եւ առիթներով։ Անոնցմէ շատերը կը գանգատին իրենց շուրջիններուն՝ ըսելով, թէ հեռատեսիլը շատ մեղմ բացած են եւ ինք այդ պատճառով չընկալեր հեռատեսիլի հաղորդումները, հակառակ անոր, որ անոնք բաւական ուժգնութեամբ մտիկ կ՛ընեն հեռատեսիլի հաղորդումները։ Քանի մը ամիսներ առաջ, բարեկամ տարեց մը, որ ամէն օր իր արեան շաքարի քանակը կը քննէր յատուկ գործիքով մը, կը գանգատէր, թէ իր գործիքը դադրած է գործելէ եւ ինք իր արեան շաքարի արդիւնքը չէր գիտնար. սակայն ի յայտ եկաւ, որ գործիքը լաւ կը գործէր, բայց ինք չէր լսեր գործիքին ազդանշանը. այս ձեւով տարեց բարեկամս իմացաւ, որ ինք տարեցախլութենէ կը տառապի։
Տարեցախլութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի մասնագէտ բժիշկի մանրակրկիտ քննութիւններով, ի մասնաւորի լսելաչափութիւնը (audiometry)՝ լսելաչափով (audiometer)։
Տարեցախլութիւնը դարման չունի. կորսուած լսողութիւնը կարելի չէ վերադարձնել, սակայն կան լսողական օգնական գործիքներ (hearing aids ), որոնք որոշ համեմատութեամբ կը բարելաւեն լսողութիւնը եւ մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենան տարեցախլութիւն ունեցող անհատներուն կեանքը հեզասահ դարձնելու մէջ։
Տարեցախլութիւն ունեցող անհատներ յաճախ կ՛ունենան հետեւեալ դժուարութիւնները եւ հարցերը.
1. Իրենց շրջապատին դժուարութիւն կը պատճառեն. անոնք կը բարձրացնեն հեռատեսիլի եւ կամ ռատիոյի-ձայնասփիւռի ձայնի աստիճանը, որպէսզի կարենան բան մը լսել. անոնք չեն անդրադառնար, որ կը խանգարեն իրենց շուրջինները եւ կամ նոյնիսկ կ՛անհանգստացնեն զանոնք։
2. Կը գանգատին, որ իրենց շուրջը գտնուողները մեղմ ձայնով կը խօսին.
3. Շարունակ կրկնել կու տան իրենց խօսակիցին խօսակցութիւնը.
4. Քանի որ իրենք լաւ չեն լսեր, հետեւաբար բարձրաձայն կը խօսին եւ կը յոգնեցնեն իրենց շուրջը գտնուողները, որոնք կը հակադարձեն եւ կը թելադրեն իրենց, որ քիչ մը մեղմ ձայնով խօսին եւ կամ՝ առանց պոռալու.
5. Անոնք կը լսեն շրջապատի խօսակցութեան ձայները, սակայն չեն հասկնար խօսակցութիւնը եւ հետեւաբար կ՛ըլլան ջղային.
6. Մէկէ աւելի խօսակից ունենալու պարագային, անոնք չեն կրնար հետեւիլ խօսակցութեան, չեն հասկնար խօսակցութիւնը եւ ապշած կը դիտեն շրջապատը.
7. Հաւաքոյթներէ եւ խմբային հանդիպումներէ կը խուսափին ու կը մնան մենակեաց.
8. Յաճախ սխալ մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն, հարցումներու սխալ կը պատասխանեն եւ կատակներէ չեն ախորժիր.
9. Կը նախընտրեն իրենց խօսակիցին ուղղակի դիմացը կենալ եւ կամ նստիլ ու խօսիլ.
10. Անհանգիստ կը զգան, երբ իրենց խօսակիցները հեռուէն եւ կամ կողմէն կը խօսին.
Այն անհատները, որոնք լսողական օգնական գործիք կը գործածեն, պէտք է ուշադրութիւն ընեն հետեւեալ թելադրութիւններուն.-
1. Օգնական գործիքը պէտք է գործածուի շարունակ, մանաւանդ օր-ցերեկով.
2. Օգնական գործիքը անվնաս գործիք մըն է.
3. Պայման չէ անոր գործածութիւնը երկու ականջներուն.
4. Իւրաքանչիւր հիւանդի համար կը պատրաստուի իրեն յատուկ օգնական գործիք, հետեւաբար մէկ գործիք նպատակայարմար չըլլար մէկէ աւելի հիւանդներու.
5. Օգնական գործիքը տարին անգամ մը մասնագէտին կողմէ պէտք է քննուի. որեւէ խանգարումի պարագային, ան պէտք է վերանորոգուի եւ կամ փոխուի.
6. Հիւանդը տարին անգամ մը պէտք է այցելէ իր բժիշկին, որպէսզի արժեւորէ անոր լսողութիւնը եւ ի պահանջեալ հարկին՝ փոխէ օգնական գործիքը.
7. Կարելի է չգործածել օգնական գործիքը գիշեր ժամանակ.
8. Պահել գործիքը ապահով, բայց ոչ խոնաւ տեղ, օրինակ՝ բաղնիքի մէջ, որովհետեւ խոնաւութիւնը կը վնասէ գործիքին.
9. Լուալ եւ մաքրել գործիքը յատուկ հեղուկներով եւ վրձինով, ապա լաւ մը չորցնել մաքուր լաթով մը.
10. Գործիքը լուալու եւ մաքրելու համար չգործածել օճար եւ ջուր.
11. Գործիքը չորցնելու համար չօգտագործել փուռը.
12. Հերթաբար քննել գործիքին բարդը (battery) եւ փոխարինել զայն նորով մը եթէ տկարացած է:
Բոլորս գիտենք, թէ ծերութեան հետ կը պատահին յարակից զանազան հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս՝ շաքարախտ, պնդերակութիւն, զարկերակային խցում, արեան տկարացում, քոլեսթերոլի եւ դրիկլիսերայտի բարձրացում. այս բոլորը իրենց բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենան լսողական ջիղին եւ լսողութեան վրայ, որովհետեւ այս ազդակներու գոյութեամբ, արեան ճամբով բաւարարաչափ սնունդ չի հասնիր լսողական ջիղին, որ իր կարգին, կը կորսնցէ իր բնական գործելակերպը եւ կը յառաջացնէ որոշ աստիճանի վերջնական եւ անդարմանելի լսողական տկարութիւն։
Տարեցախլութեան կ՛ուղեկցի ընդհանրապէս ականջաբզզիւնը (tinnitus), որուն մասին պիտի անդրադառնանք առանձնաբար յատուկ յօդուածով մը։
Մոնթրէալ