Ազգային առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երիտասարդական երգչախումբը Հինգշաբթի, 25 Յունիսի երեկոյեան նուաճեց սիրտերն ու հոգիները երաժշտասէր, ազնիւ երաժշտութեան համակիր բազմահարիւր հայորդիներու, որոնք Կլէնտէյլի «Փրէսպիթէրիըն» եկեղեցւոյ մէջ ժամադրուած էին հայ երգի տարբեր բնագաւառներէն կազմուած յայտագիրի մը հետ, երաժշտական ծաղկաքաղի մը, որ գեղեցկօրէն մատուցուեցաւ բացառաբար երիտասարդներով կազմուած խումբին կողմէ։
Ընդամէնը 24 երգերէ կազմուած յայտագիրի իւրաքանչիւր երգ, ինչպէս մենակատարներն ու երաժիշտները երկար ծափողջոյններով գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ, եւ խմբավարին՝ Տ. Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի հետ միասին, արժանի եղան բարձր գնահատանքի:
Համերգը, որ կազմակերպուած էր մեր եկեղեցիներու Երիտասարդական միութիւններու վարիչ կազմին կողմէ, կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգ. վարչութեան, միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան հազար երաժշտասէրներ, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը:
Յայտագիրին մանրամասնութիւններուն մասին խօսելէ առաջ, կ՛ուզենք կանգ առնել քանի մը յատկանշական իրականութիւններու քով, որոնք բաժին ունին այս ձեռնարկի յաջողութեան պսակին կազմութեան մէջ։
Նախ եւ առաջ, «Լուսաւորի»չ երգչախումբին ելոյթը գործնական ընդառաջում մըն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին, որ 2009ը հռչակած է Երիտասարդութեան տարի։ Արդարեւ, կարելի՞ է երեւակայել աւելի գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը, նշելու համար երիտասարդական տարին, քան այն, որ 44 երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ ի մի գան, ամիսներ շարունակ, յարատեւութեամբ ու յանձնառութեամբ հետեւին փորձերու, սորվին հայ երգի գանձարանին պատկանող հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական ու ժողովրդային երգեր, որոնցմէ աւելի քան հինգը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հնչէին այս համերգին…։ Ապա, պէտք է վեր առնել այն իրականութիւնը, որ այս համերգը, իր գեղարուեստական թէ կազմակերպչական բաժիններով, առաւելաբար իրականացաւ նոյնինքն երիտասարդներուն կողմէ։ Անոնք գործնապէս ապացուցին, թէ յանձնառու եւ պատասխանատուութեան զգացումով տոգորուած երիտասարդութեան մը պատրաստութեան համար ի գործ դրուած աշխատանքը անպայման կ՛արդիւնաւորուի, երիտասարդը պատրաստ է յանձն առնելու մշակոյթի ու գեղարուեստի ջահը, որ իրեն կը փոխանցուի երէց սերունդին կողմէ, գուրգուրանքով, հոգածութեամբ ու խանդաղատանքով։ Ու եթէ առաջնորդ սրբազանին, թեմիս ժողովականութեան ու գործակիցներուն կողմէ ցուցաբերուած այդ գուրգուրանքը գտաւ իր արդարացումը, այս իրագործման մէջ կարելի չէ անտեսել հետեւողական աշխատանքն ու նուիրումը խմբավար հայր սուրբին, որ նմանապէս լուրջ կենսագործում ապրեցաւ անցեալ ամիսներուն՝ խումբին ու մենակատարներուն հետ սպառիչ ու քրտինք խլող փորձերուն ճամբով։
ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Բնականաբար ոչ մէկ նկարագրական, յատկապէս երաժշտական իրականացումի մը մասին գրութիւն չի կրնար փոխարինել անձնական ներկայութենէ քաղուած տպաւորութիւնը։ Յայտագիրը ճոխ էր ու կազմուած՝ հայ երգի տարբեր երանգներով՝ եկեղեցական, ազգային ու ժողովրդային գոյներով։
Բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որուն ընդմէջէն, երգչախումբը սրահին մէջ առաջին իսկ վայրկեանէն ստեղծեց ամբողջ յայտագիրին պահանջած մթնոլորտն ու բեմ-հանդիսական հաղորդականութիւնը։
Ամերիկեան ու Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեցին Սուրէն Հազարեան (անգլերէնով) եւ Մէրի Մելքոնեան (հայերէնով)։ Անոնք նշեցին, որ այս համերգը կը ձօնուի Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 140ամեակին։ Հետեւաբար, պատահական չէր, որ կոմիտասեան ժառանգութիւնը կարեւոր տեղ ունէր յայտագիրին մէջ։
Առաջին մասի առաջին եօթը երգերը քաղուած էին եկեղեցական ու հոգեւոր երգերու անդաստանէն։ Անոնցմէ հինգը առաջին անգամ ըլլալով կը հնչէր մեր բեմին վրայ։ Յաջորդեց ժողովրդական երգերու շարք մը, որ հանդիսականը փոխադրեց Կոմիտասեան դասականներու մթնոլորտ։ Միջնարարէն ետք, յայտագիրի երկրորդ բաժինով հրամցուեցան ազգային-հայրենասիրական երեք երգեր, իսկ վերջին բաժինով խումբը հանդէս եկաւ հայկական չորս դասական երգերով։
Երգերուն կատարումը յաջող էր ու ներդաշնակ։ Առաւելաբար սիրողական անդամներէ կազմուած խումբը ձգտեցաւ տալ իր առաւելագոյնը, որուն համար արժանի է գնահատանքի ու քաջալերանքի։ Յատուկ գնահատանքի արժանի են մենակատարները՝ Սուրէն Հազարեան, Մէրի Մելքոնեան, Քնարիկ Ներկարարեան, Կարօ Քիլէճեան եւ Սուրէն Մկրտչեան, առանց մոռնալու խմբավար հայր սուրբին մենակատարութիւնները։ Տպաւորիչ ու ներգրաւող էր Քնարիկ Ներկարարեանի ու Մէրի Մելքոնեանի կատարողութեամբ զուգերգը՝ «Խօսք Իմ Որդուն»ը, ինչպէս նաեւ Էտնա եւ Էլենա Քարիմեան քոյրերու զուգերգը՝ Կոմիտասի «Ալագեազ, Քեզի Մեռնիմ» երգի կատարումով։ Զապէլ Զօպուեանր, ջութակով իր ընկերակցութեամբ, այլ խորք մը տուաւ որոշ երգերու մատուցման։ Պէտք է առանձնաբար անդրադառնալ դաշնակահար-երգեհոնահար Արմէնուհի Տէրտէրեանի մասնակցութեան. ան կարեւոր ներդրում ունեցաւ համերգի յաջողութեան մէջ, ու հանդիսականը իմացաւ, թէ ան մասնակցութիւն բերած է նաեւ համերգի պատրաստութեան «սեւ աշխատանք»ին. անոր կատարումը գեղեցիկ գիծ մը աւելցուց համերգի գունագեղ համայնապատկերին մէջ:
«ՊԱՅԾԱՌ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ»
Նախքան համերգի յայտագրին աւարտը, գնահատանքի ու օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազանը։ Մեկնելով ներկայացուած երգերէն «Տէր, կեցո՛ դու զհայս»ի բառերէն՝ ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ երգչախումբի անդամները պայծառ ու շնորհալի երիտասարդներ են, որոնք արդարացուցին իրենց կապուած յոյսերը, ծաղկեցուցին մաշտոցեան աւանդներն ու ժառանգութիւնները, ու պատիւ ապահովեցին իրենց ու սերնդակից երիտասարդութեան։
Առաջնորդ սրբազանը յատկապէս ողջունեց ու գնահատեց խմբավար հայր Պարթեւը՝ իր նուիրեալ աշխատանքին ու ձեռք բերած արդիւնքին համար, որուն մասնակից են ու բաժնեկից՝ խումբին միւս անդամները, մենակատարները, դաշնակահարն ու կազմակերպիչ վարչականները։
Առաջնորդ սրբազանը գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ պարգեւեց այս յաջողութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ Ազգ. առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երգչախումբը կազմուած էր ութ տարի առաջ, Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700ամեակին առիթով, եւ կը համախմբէր շուրջ 100 անդամներ՝ երիտասարդ ու երէց սերունդներէն։ Այս հանգրուանին, խումբը բացառաբար կազմուած է երիտասարդներէ, որոնք ահաւասիկ գործնապէս կը մարմնաւորեն վեհափառ հայրապետին պատգամը Երիտասարդութեան տարուան առիթով, պերճախօս կերպով կը թելադրեն, թէ մեր ժողովուրդը ու մեր եկեղեցին կրնան օգտուիլ իրենց ձիրքերէն, շնորհքներէն ու երիտասարդական խանդավառութենէն։ Ան աւելցուց, որ երէց սերունդները, իրենց կարգին, պարտականութիւնը ունին հոգածու վերաբերմունք ցուցաբերելու երիտասարդութեան, լսելու զայն, վստահելու անոնց ու պատրաստելու ապագայի ազգային առաջնորդները։ Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ այս երեկոյին վայելքը խորքին մէջ արդիւնք էր ամիսներու աշխատանքի, որ նաեւ առիթ եղաւ հոգեւոր սնունդ մատակարարելու անդամներուն։ Վերջապէս, ան քաղուածքներ կատարեց Երիտասարդութեան տարուան առիթով վեհափառ հայրապետի պատգամէն, ուր, Պետրոս առաքեալի բառերով, զգուշութեան յորդոր կ՛ուղղուի մեր երիտասարդութեան, որպէսզի զգոյշ ըլլայ ու չ՛իյնայ դարանակալ սատանային որոգայթներուն մէջ, նկատի ունենալով, որ գառնուկի մորթով քողարկուած սատանան միշտ պատրաստ է որսալու անմեղ երիտասարդը։
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին վերջին բաժինով ողջոյնի ու գնահատանքի խօսք ուղղեց խումբի անդամներու ծնողներուն ու ընտանեկան պարագաներուն, ապա նաեւ Կրօնական ժողովի, Ազգ. վարչութեան ու միութեանց ներկայացուցիչներուն, որոնք խուռներամ ներկայութեամբ գործնական քաջալերանք արտայայտեցին խումբին։ Ան թելադրեց աչքի բիբի պէս պահպանել ու հոգածու ըլլալ խումբին ու երիտասարդութեան, եւ միասնաբար շարունակել յարատեւ վերանորոգութեան ուղին:
Առաջնորդ սրբազանին խօսքէն ետք, «Լուսաւորի»չ երգչախումբը «Կիլիկիա»ով ու Հայրապետական մաղթանքի կատարումով եզրափակեց յիշատակելի համերգը։
Ազգ. առաջնորդարանիս ու մեր թեմի մշակութային իրագործումներուն վրայ կարեւոր գիծ մը աւելցնող երեկոն վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանի»չով։