ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Երկուշաբթի օր արեւմտեան կառավարութիւնները զգուշացուց, թէ Իրանի յետընտրական խռովարարութեանց մէջ իրենց միջամտութեանց հետեւանքով Իրանի հետ իրենց յարաբերութիւնները կրնան վատթարանալ:
Ան ըսաւ. «Կարգ մը արեւմտեան երկիրներուն նախագահի, վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով ղեկավարներ, բացայայտ կերպով միջամտեցին Իրանի ներքին հարցերուն, որոնք իրենց հետ որեւէ կապ չունին»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Կիրակի օր «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Տիս ուիք» յայտագրին յայտնեց, որ «Եթէ իրանցիները կապ հաստատելու առաջարկին ընդառաջեն, ապա կապ պիտի հաստատենք», սակայն միաժամանակ, Իսրայէլի անուղղակիօրէն «կանաչ լոյս» տուաւ՝ Իրանի հիւլէական կայաններուն դէմ զինուորական քայլի դիմելու, երբ ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հիւլէական թղթածրարին հարցով Իսրայէլի քայլերուն արգելք պիտի չհանդիսանայ։ Ան նշեց, թէ Ուաշինկթըն «չի կրնար գերիշխան այլ երկրի մը թելադրել ի՛նչ ընել կամ չընել»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.