ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինացի պաշտօնատար մը Երկուշաբթի, Յուլիս 6ին յայտնեց, թէ թրքացեղ իսլամներու եւ Չինաստանի մէջ մեծամասնութիւն եղող հան ցեղախումբին միջեւ լարուածութիւնը ծայրայեղ արեւմտեան շրջանին մէջ խռովարարութեանց վերածուած է, եւ իբրեւ հետեւանք, Կիրակի օր սպաննուած է առնուազն 156 հոգի: Արձանագրուած են նաեւ աւելի քան 800 վիրաւորներ։
Կարգ մը շրջաններու մէջ խռովութիւնները շարունակուած են նաեւ Երկուշաբթի օր:
Չինաստանի կառավարութիւնը ուիղուր փոքրամասնութեան անդամ աքսորեալները այպանեց խռովութիւն հրահրելու յանցանքով, իսկ այս վերջինները յայտնեցին, թէ բռնարարքները սկսած են, երբ ոստիկանութիւնը սկսած է բռնարարքներու դիմել խաղաղ ցոյցի մը մասնակիցներուն դէմ:
Կիրակի օր հաւաքուած ցուցարարները, անցեալ ամիս հարաւային Չինաստանի մէջ գտնուող գործարանի մը մէջ սպաննուած երկու ուիղուրներու համար արդարութիւն կը պահանջէին։ Խռովարարներ անցարգելներ տապալած են, ինքնաշարժներու եւ բնակարաններու վրայ յարձակում գործած են եւ բուռն բախումներ ունեցած են ոստիկանութեան հետ։
Քսինճիանկ նահանգնային կառավարութեան մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Վու Նոնկ յայտնած է, թէ աւելի քան 260 ինքնաշարժ յարձակումի ենթարկուած է կամ հրկիզուած, ու 203 բնակարաններ վնասուած են։