Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզ Երկուշաթի օր յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է հասկնայ, որ Իսրայէլ Կոլանի բարձունքները «արծաթ ամանի» մը մէջ պիտի չյանձնէ մինչեւ այն ատեն, որ Դամասկոս կը շարունակէ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի հետ իր կապերը։
Փերէզ յայտնեց, թէ Իսրաէյլի եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութեան իսկական գործընթաց մը պէտք է տեղի ունենայ՝ առանց նախապայմաններու կամ միջնորդի։
Ինքզինք Կոլանի ազատութեան սուրիական յանձնախումբ կոչող խմբակ մը անցեալ ամիս յայտնեց, թէ հողամասին տիրանալու քայլերու պիտի դիմէ, աւելցնելով, որ Իսրայէլ պատրաստակամութիւն ցոյց չէ տուած խաղաղութեան հասնելու կամ սուրիական հողամասերը վերադարձնելու։
Նախքան այդ յայտարարութիւնը, Ասատ մերժեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ բանակցութիւնները «զերօ կէտէն» սկսելու առաջարկը։
Ասատ ըսաւ, որ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթի օրով հասած իր կէտէն։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ Փերէզ հարիւրաւոր ռապպիներու, արուեստներու հովանաւորներու եւ խորհրդարանականներու առջեւ խօսած է Ատրպէյճան եւ Ղազախստան իր այցելութեան մասին: Փերէզ յայտնած է, թէ «Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ ինծի ըսաւ, թէ այդտեղ երբեք հակասեմականութիւն գոյութիւն չէ ունեցած։ Ատրպէյճան շատ հետաքրքրական երկիր մըն է, որովհետեւ ունի մշակոյթ մը, որ զարգացած է ընդհատակեայ հարստութեանց յայտնաբերումէն շատ առաջ։ Ատրպէյճան այն առաջին երկիրներէն է, որ կիներուն քուէարկելու իրաւունք տուած է, եւ այդ մէկը այդտեղ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Շուէտի մէջ կատարուելէ առաջ։ Այդտեղ հրեայ բնակչութեան հանդէպ յարգանք տեսայ»։
Իսրայէլի նախագահը նաեւ յայտնեց. «Իրանցիները Ատրպէյճանի եւ Ղազախստանի սպառնացին, որ իրենց հետ յարաբերութիւնները պիտի ընդհատեն, սակայն այդ երկիրները չվախցան։ Փողոցներուն մէջ իսրայէլեան դրօշակներ բարձրացուած էին»։