ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք գնդապէտ Տուրսուն Չիչէք, որուն ստորագրութիւնը երեւան հանուած էր «Էրկէնէքոն»ի խափանարարութիւններու կապակցութեամբ «Դաւադրական յուշագիր» կոչուած ծրագրին մէջ, եւ որ անցեալ շաբաթ ձերբակալուած եւ հսկողութեան տակ առնուած էր հարցաքննութեան համար, քանի մը օր ետք «Էրկէնէքոն»ի դատախազներուն կողմէ վեց ժամ հարցաքննուելէ ետք ազատ արձակուեցաւ։ Չիչէքի ձերբակալութիւնը օրակարգի բերաւ անոր բանակատեղիին մէջ ապօրէն գործունէութիւններ կատարուած ըլլալու կասկածն ու հաւանականութիւնը։
Կարգ մը քաղաքագէտներ, ակնարկելով այս ձերբակալութիւններուն՝ յայտնեցին, թէ սպայակոյտի նախագահ Իլքէր Պաշպուղ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ պէտք է հրաժարին, որովհետեւ իրերայաջորդ ձերբակալութիւններն ու հարցաքննութիւնները ցոյց կու տան, թէ սպայակոյտի նախագահութեան ապահովութեան տակ գործող զինուորական ատեանը անկողմնակալ եւ արդար վճիռներ չ՛արձակեր։
«Ռատիքալ» թերթը կը գրէ. «Դատարանը յանցանքի շատ զօրաւոր փաստեր յայտնաբերելէ ետք է, որ ձերբակալութեան հրահանգ տուաւ։ Թուրքիոյ մէջ, երբ զինուորական միջամտութիւն մը կը կատարուի, երբ զինուորականութեան անունով կարգապահական գետնի վրայ կարգ մը որոշումներ կ՛առնուին եւ գործունէութիւններ առաջ կը տարուին, կարելի չէ մտածել, թէ այդ քայլերը կ՛իրագործուին անհատներու կողմէ»։
Իր կարգին, «Սթար» թերթը հարց կու տայ. «Ի՞նչպէս կը պատահի, որ քաղաքային դատարանի մը կողմէ ձերբակալուած պաշտօնատարի մօտ զինուորական հարցաքննիչ ատեանը յանցանքի որեւէ փաստ չի յայտնաբերեր։ Եթէ քաղաքային դատախազութիւնը չըլլար, Չիչէք պիտի շարունակէր պաշտօնավարել։ Ասիկա սարսափելի երեւոյթ է»: